Հա­յաս­տա­նը տագ­նա­պեց­նող հա­մա­ճա­րա­կին տա­րա­ծու­մը սահ­մա­նա­փա­կե­լու նպա­տա­կով՝ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ո­րո­շած է դպրո­ցա­կան ա­մա­նո­րեայ ար­ձա­կուրդ­նե­րը եր­կա­րաձ­գել մին­չեւ

Յու­նո­ւար 18: «­Հա­շո­ւի առ­նե­լով, որ վեր­ջին օ­րե­րին Հան­րա­պե­տու­թիւ­նում սուր շնչա­ռա­կան վա­րակ­նե­րով ու թո­քա­բոր­բով հի­ւանդ­նե­րի մեծ մա­սը մին­չեւ 18 տա­րե­կան ե­րե­խա­ներն են եւ հիմք ըն­դու­նե­լով Հա­յաս­տա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան եւ Կր­թու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար­նե­րի միջ­նոր­դու­թիւ­նը, քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեա­նը յանձ­նա­րա­րել է Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի են­թա­կա­յու­թեան ման­կա­պար­տէզ­նե­րի, հան­րակր­թա­կան, ե­րաժըշ­տա­կան եւ ա­րո­ւես­տի դպրոց­նե­րի ձմե­ռա­յին ար­ձա­կուրդ­նե­րը եր­կա­րաձ­գել մին­չեւ Յու­նո­ւա­րի 18ը»,- ը­սո­ւած է քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին կող­մէ Յու­նո­ւար 7ին հրա­պա­րա­կո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: