­Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի կի­սա­պաշտ­պան ­Հեն­րիխ Մ­խի­թա­րեան 29 ­Դեկ­տեմ­բե­րին ա­նակն­կա­լօ­րէն այ­ցե­լած է «­Զա­տիկ» ե­րե­խա­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան կեդ­րոն: Մ­խի­թա­րեա­նի այ­ցե­լու­թիւ­նը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծած է ե­րե­խա­նե­րուն մօտ, ո­րոնք բո­լորն ալ կը ճանչ­նան ու կը սի­րեն ­Հեն­րի­խը, կը դի­տեն ա­նոր մաս­նակ­ցու­ թեամբ խա­ղե­րը, ա­նոր երկր­պա­գու­նե­րէն են եւ կ­՛ու­րա­խա­նան ա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով: Մ­խի­թա­րեան սե­ղա­նի թե­նիս խա­ղա­ցած է ե­րե­խա­նե­րուն հետ, լու­սան­կա­րուած՝ գրե­թէ բո­լո­րին հետ - շա­տե­րու հետ ա­ռան­ձին-առան­ձին, ինչ­պէս նաեւ՝ խում­բով: Ե­րե­խա­նե­րը սկսած են ը­սե­լու.- «­Հե­նօ, ­Հե­նօ, ­Հա­յաս­տան, ­Հա­յաս­տան»: Ե­րե­խա­նե­րը ար­տա­սա­նած են «­Հայր ­Մեր»ը. ա­նոնց միա­ցած է նաեւ ­Հեն­րիխ:

Ա­ւար­տին ե­րե­խա­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած են ի­րենց կող­մէ բե­մադ­րո­ւած պա­րեր: Ե­րե­խա­ներն ու կեդ­րո­նի ղե­կա­վա­րու­թիւնն ու անձ­նա­կազ­մը ի­րենց ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նած են ­Հեն­րիխ Մ­խի­թա­րեա­նին: