Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հետ եւ հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ, այցելած է Եռաբլուր պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցանելու հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Այդ մասին հաղորդած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառը այցելեցին Եռաբլուր
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ