altՏա­րի մը ա­ռաջ` 28 Դեկ­տեմ­բե­րին, մա­հա­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Վա­հան Յով­հան­նի­սեան: 28 Դեկ­տեմ­բեր 2015ին Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­յին պան­թէո­նին մէջ, ուր ամ­փո­փո­ւած է մե­ծա­նուն գոր­ծի­չին ա­ճիւ­նը, ըն­կեր­նե­րը, հա­րա­զատ­նե­րը եւ մտե­րիմ­նե­րը յար­գան­քի տուրք մա­տու­ ցե­ցին ա­նոր ան­մեռ յի­շա­տա­կին:

Դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծի­չը ճանչ­ցող­նե­րը միա­բե­րան ընդգ­ծե­ցին, որ Վա­հան Յով­հան­նի­սեան օժ­տուած էր մարդ­կա­յին վեհ յատ­կա­նիշ­նե­րով, սրամ­տու­թեամբ, սուր ու ճկուն միտ­քով: «­Կան մար­դիկ, ո­րոնք ֆի­զի­քա­պէս հե­ռու կրնան ըլ­լալ, բայց միշտ ի­րենց խօս­քով, մտքով եւ հիւ­մը­րով եր­բեք բա­ցա­կայ չստա­նալ»,- ը­սած է Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ Մար­գա­րեան:

Խօս­քը Վա­հան Յով­հան­նի­սեա­նի մա­սին է: Մէկ տա­րի է, որ ան չկայ, բայց կը շա­րու­նա­կէ իր շուրջ հա­մախմ­բել բո­լո­րը, ինչ­պէս կեն­դա­նու­թեան օ­րե­րուն: Ան իր շուրջ կը հա­մախըմ­բէ թէ՛ սերն­դա­կից մար­դի­կը, թէ՛ ա­նոնք, ո­րոնք չէին կի­սեր իր քա­ղա­քա­կան հա­յեացք­նե­րը, բայց կը լսէին Վա­հան Յով­հան­նի­սեան մար­դուն, ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չին ու մտա­ւո­րա­կա­նին:

«Դ­ժո­ւար է Վա­հա­նի մա­սին խօ­սիլ ան­ցեա­լով»,- ընդգ­ծած է Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ Մար­գա­րեան:

Ան մե­զի հետ չէ լոկ ֆի­զի­քա­պէս: Բա­ցա­կա­յու­թիւն, որ կ­՛ամ­բող­ջաց­նենք տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ պա­հո­ւող ու եր­բեք չհնա­ցող յի­շո­ղու­թիւն­նե­րով: Մար­գա­րեան նշած է.- «­Մենք բան­տա­յին տա­րի­նե­րուն ի­րա­րու հետ «քսիֆ­նե­րով» կը խօ­սէինք, ա­տի­կա ծած­կա­գի­րի պէս բան մըն էր: Ան­գամ մը Վա­հա­նը «քսիֆ» կը գրէր, թէ Հ­րանդ, մի վախ­նար` այս­տեղ եմ, ես ալ գրե­ցի` չեմ վախ­նար, ո­րով­հե­տեւ այս­տեղ ես»:

Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեա­նի խօս­քով՝ Վա­հա­նը սոր­վե­ցուց, որ մա­հը սար­սա­փե­լի չէ, սար­սա­փե­լին՝ ա­նի­մաստ ապ­րիլն է: