Հայոց ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի նոր ու համալրուած ցուցադրութեան 2015ին ծանօթացած է մօտ 72 հազար այցելու: «Արմենփրես»ի փոխանցմամբ՝ այս մասին լրագրողներու հետ տարեվերջի հանդիպման ժամանակ տեղեկացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի փոխ-տնօրէն Լու
սինէ Աբրահամեան: «Տարին աննախադէպ էր թուրք այցելուների քանակով: Այս տարի Թանգարանի վերաբացումից յետոյ թանգարան է այցելել Թուրքիայի 1000 քաղաքացի»,- ըսած է Լուսինէ Աբրահամեան: Անոր խօսքով՝ տարբեր երկիրներէ թանգարան այցելած են մօտ 71 պատուիրակութիւններ, որոնց շարքին՝ Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու եկած Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Կիպրոսի եւ Սերպիոյ նախագահներուն գլխաւորած պատուիրակութիւնները: Այս տարի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր եւ Թանգարան-Հիմնարկ այցելած են, հանրապետութենէն ու սփիւռքէն, 16 հազար աշակերտ եւ ուսանող: