19 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան պա­լա­տին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի կա­ռոյ­ցին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած Հ.Յ.Դ. 125ա­մեա­կի հան­դի­սա­ւոր ձեռ­նար­կը:

­Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան, Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի «­Դաշ­նակ­ցու­թիւն» խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան, Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ ­Ղու­լեան, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ, Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ-նա­խա­գահ ­Վահ­րամ ­Բա­լա­յեան, Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան շարք մը պաշ­տօ­նա­տար­ներ, կու­սակ­ցա­կան ըն­կեր­ներ եւ հիւ­րեր:

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը, շնոր­հա­ւո­րեց զա­նոնք Հ.Յ.Դ. 125ա­մեա­կին ա­ռի­թով եւ նշեց, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը միայն դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու կու­սակ­ցու­թիւ­նը չէ, Հ.Յ.Դ.ն ­կազ­մա­կեր­պու­թիւն է, որ ե­լած է հայ ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցէն, հայ ժո­ղո­վուր­դին պա­հան­ջով ձե­ւա­ւո­րո­ւած եւ պի­տի գո­յա­տե­ւէ այն­քան, քա­նի մեր ազ­գա­յին խնդիր­նե­րը չեն լու­ծո­ւած:

«­Հա­ւատ­քի եւ գոր­ծի հա­մա­տե­ղու­մը ե­ղած է ­Դաշ­նակ­ցու­թեան սուրբ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ բո­լոր այն դէպ­քե­րու ըն­թաց­քին, երբ մենք յա­ջո­ղած ենք, յա­ջո­ղած ենք, ո­րով­հե­տեւ կրցած ենք միաց­նել մեր հա­ւատքն ու գոր­ծը: Այդ հա­ւատ­քի եւ գոր­ծի հա­մա­տե­ղումն ու միա­ւո­րումն էր, որ ծնունդ տո­ւաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան՝ հասկ­նա­լով, որ պէտք է հա­ւա­տալ սե­փա­կան ու­ժե­րուն: ­Հա­ւատքն ու գոր­ծը ա­պա­հո­վե­ցին ան­կախ ­Հա­յաս­տան, ա­զա­տագ­րո­ւած Ար­ցախ: Այ­սօր նոյն հա­ւատքն ու գործն են, որ մեր սահ­մա­նին վրայ կանգ­նած զի­նո­ւոր­նե­րը կը պա­հեն»,- նշեց Ա. ­Ռուս­տա­մեան:

Ե­լոյթ­նե­րուն յա­ջոր­դեց Հ.Յ.Դ. 125ա­մեա­կին նուիրուած ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թիւ­նը: Այ­նու­հե­տեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը 125 տա­րե­կան է» խո­րագ­րով ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մրցու­մի մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թիւ­նը: