Շա­բաթ՝ 19 ­Դեկ­տեմ­բե­րի գի­շե­րը, ատր­պէյ­ճա­նա­կան թա­փանց­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով, ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան սահ­մա­նա­գօ­տիին վրայ զո­հո­ւած է 19ա­մեայ զինուոր ­Ֆի­տար Ա­լո­յեան:
Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը փո­խան­ցէ, որ գի­շե­րա­յին գոր­ծո­ղու­թեանց հե­տե­ւան­քով՝ Ատր­պէյ­ճան ու­նի առ­նո­ւազն եր­կու սպա­նեալ եւ քա­նի մը վի­րա­ւոր:
Յի­շեց­նենք, որ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ ­Ղա­րա­բաղ մեկ­նած էր ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սէյ­րան Օ­հա­նեան:
Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան փո­խան­ցու­մով՝ Օ­հա­նեան ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի իր պաշ­տօ­նա­կի­ցին՝ հա­զա­րա­պետ-զօ­րա­վար ­Լե­ւոն Մ­նա­ցա­կա­նեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ, «հայ­կա­կան զոյգ հան­րա­պե­տու­թեանց զի­նո­ւո­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մադր­ման ծրագ­րի շրջա­գի­ծին մէջ, ծա­նօ­թա­ցած է սահ­մա­նա­յին ի­րադ­րու­թեան, հա­կա­ռա­կոր­դի ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն, այ­սու­հե­տեւ նպա­տա­կա­յին կեր­պով հա­կազ­դե­լու ուղ­ղու­թեամբ տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րուն, հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մին եւ պայ­մա­նագ­րա­յին զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յող­նե­րու հետ»: