­Հ.Հ. նա­խա­գահ, ­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րու գե­րա­գոյն գլխա­ւոր հրա­մա­նա­տար ­Սերժ ­Սարգ­սեան խորհր­դակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մէջ, կը տե­ղե­կաց­նէ Հ.Հ. նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պե­րու վար­չու­թիւ­նը:

­Նա­խա­րա­րու­թեան վար­չա­կան հա­մա­լի­րին մէջ կա­յա­ցած խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցած են Հ.Հ. վար­չա­պե­տը, պաշտ­պա­նու­թեան եւ ե­լեւ­մուտ­քի նա­խա­րար­նե­րը, այլ պաշ­տօ­նա­տար ան­ձիք, ինչ­պէս նաեւ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը եւ ­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րու հրա­մա­նա­տա­րա­կան կազ­մը: ­Խորհր­դակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ ամ­փո­փո­ւած են 2014-2015 թո­ւա­կան­նե­րուն ի­րա­կա­նա­ցած ­պաշտ­պա­նու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան վե­րա­նայ­ման գոր­ծըն­թա­ցի ար­դիւնք­նե­րը:

Օ­րա­կար­գի ծի­րէն ներս քննար­կո­ւած են ­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րու 2016-2020 թո­ւա­կան­նե­րու զար­գաց­ման ծրա­գի­րը ու Ս­պա­ռա­զի­նու­թեան եւ ռազ­մա­կան սար­քե­րու զար­գաց­ման պե­տա­կան ծրա­գի­րը: ­Խորհր­դակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւած են հնա­րա­ւոր ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վար­ման ձե­ւերն ու ե­ղա­նակ­նե­րը, ­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րու ղե­կա­վար­ման հա­մա­կարգն ու զար­գաց­ման հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը, ժա­մա­նա­կա­կից սպա­ռա­զի­նու­թեամբ եւ ռազ­մա­կան սար­քե­րով ­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րու շա­րու­նա­կա­կան հա­մալր­ման ուղ­ղու­թեամբ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րը:

Անդ­րա­դարձ ե­ղած է Ս­պա­ռա­զի­նու­թեան եւ ռազ­մա­կան սար­քե­րու զար­գաց­ման նա­խորդ` 2011-2015 թո­ւա­կան­նե­րու պե­տա­կան ծրագ­րի ի­րա­գործ­ման. Ար­ձա­նագ­րո­ւած է, որ այն կա­տա­րո­ւած է ամ­բող­ջու­թեամբ:

­Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը Հ.Հ. նա­խա­գա­հին վստա­հե­ցու­ցած է, որ զար­գաց­ման ծրագ­րի եւ սպա­ռա­զի­նու­թեան ծրագ­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը, ­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րու մէջ նոր մօ­տե­ցում­նե­րու ու սկզբունք­նե­րու ար­մա­տա­ւո­րու­մը թոյլ կու տան զգա­լիօ­րէն ա­ւելցնելու բա­նա­կի մար­տա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը: