Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ Դեկտեմբեր 19ին կայացաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ սպասուած հանդիպումը։ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի առանձնազրոյցը տեւած է մէկ ժամէ աւելի: Այս մասին գրած է Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի ամերիկացի համանա
խագահ Ճէյմս Ուորլիք, Twitterի իր պլոկի վրայ: «Այո՛, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն երկխօսութիւնը կը շարունակուի մէկ ժամէն աւելի»,- հաղորդած էր ամերիկացի համանախագահը:
Հ.Հ. նախագահի մամուլի խօսնակ Վլադիմիր Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ ՍարգսԵանի եւ Ալիեւի առանձնազրոյցը տեղի ունեցած է փակ դռներու ետեւ։ Առանձնազրոյցէն յետոյ ներս հրաւիրուած են համանախագահները եւ զոյգ արտաքին գործոց նախարարները: Այդ ձեւաչափով հանդիպումը տեւած է մօտ 40 րոպէ:
Յակոբեան հաղորդած է, որ բազմակողմ հանդիպման աւարտէն ետք Ալիեւ հեռացած է, իսկ Սարգսեան շարունակած է շփումը համանախագահներու հետ:
Հանդիպումը սկսած էր Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահներ Իկոր Պոպովի (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիքի (Ա.Մ.Ն.), Փիեռ Անտրիոյի (Ֆրանսա) եւ Ե.Ա.Հ.Կ. գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անջէյ Կասպրշիկի մասնակցութեամբ:
Պեռնի մէջ նախագահ Սարգսեան հանդիպած է նաեւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց դաշնային բաժանմունքի ղեկավար Դիդյէ Պուրկհալտերի հետ:
Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը տեղի ունեցած է շփման գիծին վրայ լարուածութեան սաստկացման մթնոլորտին մէջ:
Հ.Հ. պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնած է, որ Դեկտեմբեր 19ի գիշերը հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ կացութիւնը կրկին եղած է չափազանց լարուած: Կիրարկուած են հրետանային միջոցներ, թանկեր, յետ են մղուած քանի մը խափանարարական գործողութիւններ: