­Դեկ­տեմ­բեր 17ի գի­շե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւած ան­յա­ջող հե­տա­խու­զա­կան թա­փանց­ման փոր­ձե­րէն յե­տոյ, ո­րուն իբ­րեւ ար­դիւնք վեր­ջինս ծանր կո­րուստ­ներ կրե­լով ետ շպրտո­ւած էր, ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի յա­տուկ նշա­նա­կու­թեան խում­բե­րը, սահ­մա­նագ­ծի հա­րա­ւա­յին, ա­րե­ւե­լեան, հիւ­սիս-ա­րե­ւե­

լեան եւ հիւ­սի­սա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րով` ­Դեկ­տեմ­բեր 18ի գի­շե­րը դի­մած են հեր­թա­կան թա­փանց­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու: ­Վե­րոն­շեալ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն վրայ հայ դիր­քա­պահ­նե­րը ժա­մա­նա­կին նկա­տած են հա­կա­ռա­կոր­դի յա­տուկ ջո­կա­տա­յին­նե­րուն յա­ռաջ­խա­ղաց­քը եւ ան­ցած պաշտ­պա­նա­կան մար­տե­րու: Ատր­պէյ­ճա­նա­կան գրո­հա­յին­նե­րը կո­րուստ­ներ տա­լով ետ շպրտո­ւած են:

­Ցա­ւօք, ծա­ւա­լո­ւած մար­տե­րու ըն­թաց­քին ա­րիա­բար մար­տի­րո­սա­ցած են Լ.Ղ.Հ. բա­նա­կի զի­նուոր­ներ Ա­ղա­սի Ար­սէ­նի Գ­րի­գո­րեան (1996ի ծնունդ) եւ ­Ռու­բէն ­Ռո­պեր­թի Ա­լեք­սա­նեան (1996ի ծնունդ): ­Դեկ­տեմ­բեր 17ին` ժա­մը 21:30ի սահ­ման­նե­րուն, Լ.Ղ.Հ. հիւ­սի­սա­յին ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յո­ւած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն պահ­պա­նու­թեան տե­ղա­մա­սին մէջ, ա­ռայժմ չպար­զո­ւած հան­գա­մանք­նե­րով, սպան­նո­ւած է պայ­մա­նագ­րա­յին ծա­ռա­յող զի­նո­ւոր, 1992ի ծնունդ ­Գոռ ­Վա­հա­նի Օ­հա­նեան:

­Դէպ­քի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պար­զե­լու հա­մար կը կա­տա­րո­ւի քննու­թիւն:

Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը կի­սէ կորըս­տեան ծանր վիշ­տը եւ իր զօ­րա­կա­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ զո­հո­ւած զին­ծա­ռա­յող­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ծա­ռա­յա­կից­նե­րուն:

­Հա­կա­ռա­կոր­դի սադ­րիչ քայ­լե­րը ան­հե­տե­ւանք պի­տի չմնան: ­Պա­տաս­խա­նը պի­տի ըլ­լայ ցա­ւոտ եւ ան­դառ­նա­լի կո­րուստ­նե­րով լի,- կ­՚ազ­դա­րա­րէ Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը:

­Ատր­պէյ­ճա­նա­կան ­կող­մը 5 ­մահ ո­ւնեցած է

Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մամ­լոյ ծա­ռա­յու­թե­նէն յայտ­նած են, որ, ըստ բա­նա­կի հա­մա­պա­տաս­խան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ձեռք բե­րո­ւած հա­ւաս­տի տուեալ­նե­րու, ա­ւե­լի ուշ յայտ­նի դար­ձած է, որ միայն ­Թա­լի­շի ուղ­ղու­թեամբ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը տո­ւած է առ­նո­ւազն 3 սպաննո­ւած եւ վի­րա­ւոր­ներ, ո­րոնց­մէ մէ­կը` մա­հա­մերձ վի­ճա­կի մէջ:

Ըստ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան նոյն աղ­բիւր­նե­րուն, ատր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կը կո­րուստ­ներ կրած է նաեւ հա­րա­ւա­յին ուղ­ղու­թեամբ` տա­լով 2 սպան­նո­ւած եւ վի­րա­ւոր­ներ: «­Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի պատ­ժիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն սար­սա­փած հա­կա­ռա­կոր­դը հիւ­սի­ս-ա­րե­ւե­լեան (­Թա­լիշ) ուղ­ղու­թեամբ ժա­մը 15:40ի սահ­ման­նե­րուն, հրե­տա­նի օգ­տա­գոր­ծած է:

­Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի յա­ռա­ջա­պահ զօ­րա­մա­սե­րը վստա­հօ­րէն կ­՛ի­րա­կա­նաց­նեն զի­նո­ւո­րա­կան հեր­թա­պա­հու­թիւն եւ պատ­րաստ են ջախ­ջա­խիչ հա­րո­ւած հասց­նելու ո­րե­ւէ սադ­րան­քի»,- նշո­ւած է պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ: