Զ­բօ­սաշր­ջա­յին տա­րին Ար­ցա­խի հա­մար կա­րե­լի է հա­մա­րել բա­րե­յա­ջող, քա­նի որ ար­ձա­նագրուած է աճ եւ անց­նող տա­րո­ւան ըն­թաց­քին Ար­ցախ այ­ցե­լած է 16 հա­զար զբօ­սաշր­ջիկ: Ցան­կին մէջ նե­րառուած են այն մար­դիկ, ո­րոնք Ար­ցախ մուտք գոր­ծած են վի­զա­յով,- կը հա­ղոր­դէ «Ար­մենփ­րես»: Այս թի­ւին մէջ չեն մտներ Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կամ Հ.Հ. անձ­նա­գիր ու­նե­ցող ան­ձիք: Լ.Ղ.Հ. տնտե­սու­թեան փոխ-նա­խա­րար Սեր­գէյ Շահ­վեր­դեան կը շեշ­տէ, որ զբօ­սաշրջիկ­նե­րու հիմ­նա­կան հոս­քը ե­ղած է Ռու­սիա­յէն, ա­պա Եւ­րո­պա­յէն եւ Ա.Մ.Ն.էն: «­Նա­խորդ տա­րի զբօ­սաշր­ջու­թեան հոս­քե­րի ա­ռու­մով կո­րուստ­ներ ու­նե­ցանք եւ այս տա­րի փոր­ձել ենք բա­ցը լրաց­նել: Դա պայ­մա­նա­ւո­րած էր մի շարք խնդիր­նե­րով, ո­րոնց մէջ օ­գոս­տո­սեան հնգօ­րեայ պա­տե­րազմն, ան­շուշտ, իր դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն ու­նե­ցաւ: Այս տա­րի փոր­ձե­ցինք վե­րա­կանգ­նել նա­խորդ տա­րի­նե­րի ցու­ցա­նի­շը եւ ու­նե­ցանք 12 տո­կոս աճ, ո­րը բա­ւա­կան յու­սադ­րող է»,- ը­սած է Շահ­վեր­դեան:

3,7 մի­լիոն տո­լար հա­ւա­քո­ւած է ի նպաստ ա­յաս­տա­նի ե­րե­խա­նե­րուն

Ուր­բաթ՝ Դեկ­տեմ­բեր 11ին, Նիւ Եոր­քի «­Քիփ­րիա­նի» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է Հա­յաս­տա­նի Մա­նուկ­նե­րու Հիմ­նադ­րա­մին (COAF) տա­րե­կան դրա­մա­հա­ւա­քի հա­ւա­քոյ­թը՝ ի մի բե­րե­լով Հա­յաս­տա­նի Լո­ռի մար­զին մէջ նոյն հիմ­նադ­րա­մի կրթա­կան «SMART» կեդ­րո­նի ի­րա­կա­նաց­ման ջա­տա­գով հա­մա­կիր­ներ:

Ար­հես­տա­գի­տա­կան սար­քա­ւո­րում­նե­րով հարս­տա­ցո­ւած կեդ­րո­նը կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ըն­ծա­յէ Լո­ռի մար­զի գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րու բնակ­չու­թեան՝ կրթա­կան շարք մը ծրա­գիր­նե­րու հե­տե­ւե­լու։

Դ­րա­մա­հա­ւա­քի ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղած են Հա­յաս­տա­նի Մա­նուկ­նե­րու Հիմ­նադ­րա­մի հիմ­նա­դիր դոկտ. Կա­րօ Ար­մէն, հա­մա-ա­տե­նա­պետ­ներ Թո­նի Շաֆ­րա­զի, Խա­ժակ եւ Մա­րիամ Քի­լէ­ճեան­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ Հա­յաս­տա­նի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նախ­կին դես­պան Ճան Է­վընզ, Փօլ Գա­լուս­տեան, Հեն­րի եւ Փը­րի­շա Հէյ­ներ, Ճորճ Պա­ղու­մեան, Ճան Մահ­տէ­սեան եւ այլ հրա­ւի­րեալ­ներ։ Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին մե­ծա­րո­ւած է Նու­պար Ա­ֆէ­յեան՝ իր մար­դա­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն հա­մար։ Նաեւ՝ կա­րե­լի ե­ղած է գո­յաց­նել 3,7 մի­լիոն տո­լա­րի հաս­նող նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ, ո­րոնց շնոր­հիւ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ըն­դար­ձա­կել Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղե­րուն մէջ այս կազ­մա­կեր­պու­թեան բա­րե­սի­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը:

Հա­յաս­տա­նի Մա­նուկ­նե­րու Հիմ­նադ­րա­մը (COAF) բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն մըն է, ո­րուն նպա­տակն է կրճա­տել Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղա­կան շրջան­նե­րուն մէջ աղ­քա­տու­թեան մա­կար­դա­կը՝ հա­մայն­քա­յին զար­գաց­ման շարք մը ծրա­գիր­նե­րու մի­ջո­ցով: Հիմ­նադ­րա­մի կրթա­կան, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ տնտե­սա­կան ծրա­գիր­նե­րէն ցարդ օգ­տո­ւած են Հա­յաս­տա­նի գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րու ա­ւե­լի քան 30.000 բնա­կիչ­ներ: