altՓա­նոս ­­Քա­մէ­նոս.- «­­Հա­յաս­տան եւ ­­Յու­նաս­տան՝ ա­պա­հո­վու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ներ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ»

Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­­Փա­նոս ­­Քա­մէ­նոս եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ Ե­րե­ւան կը գտնո­ւի։ Ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ

­­Հա­յաս­տա­նի իր պաշ­տօ­նա­կից ­­Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի, ինչ­պէս նաեւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարտ ­­Նալ­բան­դեա­նի հետ։

­­Փա­նոս ­­Քա­մէ­նոս հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­­Յու­նաս­տա­նի ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րու «Է­վէլ­փի­տոն» սպա­յից վար­ժա­րա­նէն վկա­յո­ւած հայ սպա­նե­րու հետ։

Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի հետ հան­դի­պու­մէն ետք, ­­Փա­նոս ­­Քա­մէ­նոս խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց իր պաշ­տօ­նա­կի­ցին եւ ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րուն, շատ ջերմ ու սի­րա­լիր ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար։ Ան դի­տել տո­ւաւ, թէ ­­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը եր­բեք օ­տա­րի զգա­ցում չ­՚ու­նե­նար ­­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ինչ­պէս ­­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը եր­բեք օ­տար չի զգար ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ։

«­­Մեր եր­կու ազ­գե­րու պատ­մու­թիւ­նը՝ նոյն դա­շոյ­նով թա­փո­ւած ա­րեամբ գրո­ւած է։ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն եւ ­­Յոյն պոն­տոս­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 100 տա­րի­ներ ետք, մենք միաս­նա­բար կը յա­ռա­ջա­նանք, հա­մա­տեղ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով, ո­րով­հե­տեւ մա­հո­ւան դա­տա­պար­տո­ւած են այն ազ­գե­րը, ո­րոնք ի­րենց պատ­մու­թիւ­նը կը մոռ­նան»։

Փա­նոս ­­Քա­մէ­նոս շա­րու­նա­կեց ը­սե­լով, թէ յա­ռա­ջըն­թա­ցի նոր ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ­­Հա­յաս­տան եւ ­­Յու­նաս­տան կը շա­րու­նա­կեն մար­տահ­րա­ւէր­նե­ր ­դի­մա­կա­յել, ի­րենց տա­րա­ծաշր­ջան­նե­րէն ներս։ «­­Յու­նաս­տան կը շա­րու­նա­կէ իր օ­դա­յին եւ ծո­վա­յին սահ­ման­նե­րու խախ­տում­ներ տես­նել Թուր­քիոյ ­­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րուն կող­մէ։ ­­Կիպ­րո­սի կէ­սը գրա­ւո­ւած կը շա­րու­նա­կէ մնալ թրքա­կան գրաւ­ման ու­ժե­րուն կող­մէ։

Այ­սու­հան­դերձ, ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րը ի­րենց գե­րա­զանց դաս­տիա­րա­կու­թեան, եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ սպա­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման եւ ՆԱԹՕի եւ Եւ­րո­պա­կան ­­Միու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ­­Ռու­սաս­տա­նի հետ գե­րա­զանց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շնոր­հիւ՝ ընդ­հա­նուր տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ կա­յու­նու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րող ու­ժեր են։ Ինչ­պէս մեր եր­կու ազ­գե­րը եղ­բայ­րա­կից կա­պե­րով ի­րա­րու կա­պո­ւած կը մնան, նոյն­պէս մեր ­­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րը եղ­բայ­րա­կից են»,- ը­սաւ ան։

Փա­նոս ­­Քա­մէ­նոս յայտ­նեց, թէ ­­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կ­'ընդ­լայ­նի պաշտ­պա­նա­կան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան մար­զէն ներս։ «Այս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պի­տի օգ­նէ մեր եր­կիր­նե­րու տնտե­սա­կան զար­գաց­ման եւ ան­շուշտ՝ մեր եր­կիր­նե­րու ­­Զի­նո­ւած Ու­ժե­րու մի­ջեւ յա­ւե­լեալ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան»։

Փա­նոս ­­Քա­մէ­նոս շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­­Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նին, տա­րա­ծաշր­ջա­նի խնդիր­նե­րուն եւ ­­Լեռ­նա­յին ­­Ղա­րա­բա­ղի ա­ռն­­չո­ւած հար­ցե­րուն շուրջ ի­րա­զեկ­ման վե­րա­բե­րեալ։ Ան ը­սաւ, թէ «ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, մաս­նա­ւո­րա­պէս իս­լա­մա­կան ար­մա­տա­կա­նու­թիւ­նը, բո­լոր ա­զատ եր­կիր­նե­րու թշնա­մին է։ ­­Մենք պէտք է զօ­րաց­նենք մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ ձե­ւա­ւո­րենք այն­պի­սի պայ­ման­ներ, ուր պա­տե­րազ­մի պատ­րաս­տո­ւե­լով՝ ա­պա­հո­վենք խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ ­­Կը հա­ւա­տամ, որ կրնանք յա­ջո­ղու­թեան հաս­նիլ»,- ը­սած է ­­Փա­նոս ­­Քա­մէ­նոս։

Հա­յաս­տանն ու ­­Յու­նաս­տա­նը կը դա­տա­պար­տեն ­­Թուր­քիոյ կող­մէ ՏԱՀԵՇ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մին ա­ջակ­ցու­թիւնն ու ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւը վար առ­նե­լու քայ­լը

Իր կար­գին շրջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան հար­ցը քննար­կե­լով՝ ­­Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայտ­նած է,- «­­Մենք ու­նինք դրա­ցի­ներ, ո­րոնք կ­­՛ա­ջակ­ցին ՏԱՀԵ­Շին: ­­Մենք կը դա­տա­պար­տենք մեր ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րոջ դէմ ուղ­ղո­ւած ­­Թուր­քիոյ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը:­­Մենք կը կար­ծենք, թէ ­­Թուր­քիոյ ընդ­յա­տա­կեայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը թոյլ չի տար ի­րա­կա­նաց­նե­լու մի­ջազ­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ ճշդո­ւած ծրա­գիր­նե­րը»:

Ան ա­ւել­ցու­ցած է, թէ ­­Թուր­քիա յա­ճախ կը խախ­տէ ­­Յու­նաս­տա­նի հետ օ­դա­յին սահ­մա­նը, ե­ղած են նաեւ ­­Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նը խախ­տե­լու փոր­ձեր, եւ յի­շեալ եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րը հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րած են այդ քայ­լե­րուն նկատ­մամբ, հե­տե­ւա­բար ­­Թուր­քիան ալ հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թիւն պէտք է ցու­ցա­բե­րէր, յատ­կա­պէս երբ ռու­սա­կան պա­տե­րազ­մա­կան օ­դա­նա­ւը ­­Թուր­քիոյ օ­դա­յին սահ­մա­նը չէր ան­ցած:

Փա­նոս ­­Քա­մէ­նոս իր կար­գին դա­տա­պար­տած է ՏԱՀԵ­Շին ա­ջակ­ցե­լու­­Թուր­քիոյ քայ­լե­րը` շեշ­տե­լով, որ ­­Թուր­քիա չկրցաւ ա­պա­ցու­ցել, թէ ռու­սա­կան օ­դա­նա­ւը հա­տած է թրքա­կան պե­տա­կան օ­դա­յին սահ­մա­նը: