Չի բացառուիր, որ Թուրքիա փորձէ Հայաստանի միջոցով Ռուսիոյ պատասխան տալ,- «Երկիր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: «Կարելի է ըսած են՝ քիչ մը աւելի շիկացուցէք մթնոլորտը,
բայց չեմ կարծեր, թէ միայն այդ է պատճառը, որ Ատրպէյճան այս քայլերուն երթայ: Ատրպէյճան միշտ ալ բարձրաստիճան հանդիպումներէ առաջ կը փորձէ այսպիսի մթնոլորտ ստեղծել: Այսինքն՝ երբ բան մը կ՛ակնկալէ, միշտ ալ այդպէս կը վարուին: Կը կարծեմ՝ այս բոլորին հետեւանքով ստեղծուած է այն մթնոլորտը, որ իսկապէս վտանգաւոր է՝ հետեւանքները կրնան անկանխատեսելի ըլլալ: Յաճախ ըսած եմ, որ Ատրպէյճան պատերազմ չ՚ուզեր, որովհետեւ առանց պատերազմի ալ սկսած է տուժել տնտեսապէս, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ անոր ըրածները վտանգաւոր չեն. անոր ըրածները կրնան պատերազմի վերածուիլ»,- ըսաւ Մանոյեան:
Անոր կարծիքով` եթէ Ատրպէյճան պատերազմ ուզէր, արդէն կը սկսէր: «Ամէն անգամ հզօր հրետանի չէին օգտագործեր, որ տեսնէին` դիմացինը ի՛նչ կ՛ընէ եւ այլն: Շատ անհանգստութիւն կայ այն նիւթերէն, այն տեսանիւթերէն, որոնք հրապարակուած են: Բայց անոնք վստահ չեն՝ ի՛նչ կ՛ըլլայ ելքը, այդ պատճառով ալ պատերազմ չեն ուզեր: Ատրպէյճան չի կարծեր, որ մենք ներքնապէս այնքան պառակտուած ենք, որ կրնայ սահմանին վրայ խաղեր ընել՝ հանրաքուէին հետ կապուած: Կը կարծեմ, որ մենք ունինք այն քաղաքական հասունութիւնը, որ նման բան թոյլ չտանք»,- ըսաւ Մանոյեան:
Անոր խօսքով` Մինսքի Խմբակի վերջին յայտարարութեան, որ անհրաժեշտ է զինադադարի խախտումները վերստուգող մեքանիզմ ստեղծել, պարզ է` Ատրպէյճան դէմ է, իսկ Հայաստանը` կողմ: «Պարզապէս լաւ կ՛ըլլայ, որ աւելի յստակ խօսին: Բայց կը կարծեմ, որ աւելի յստակ քայլերու պէտք է դիմել, որպէսզի Ատրպէյճան հասկնայ: Օրինակ` Ղարաբաղի ժողովուրդին, Ղարաբաղի իշխանութիւններուն ինչ որ չափով, ինչ որ ձեւով ճանչնալու նախանշաններ ցոյց տանք, որպէսզի Ատրպէյճան հասկնայ, թէ չի կրնար այսպէս, այս սահմանը ունի, որմէ այն կողմ չի կրնար անցնիլ: Կարեւոր է, որ Մինսքի Խմբակը ճիշդ գնահատականներ տայ, բայց կը կարծեմ, որ այլ քայլերու ալ պէտք է դիմել, որպէսզի Ատրպէյճան հասկնայ»,- ըսաւ Մանոյեան: