Առանց Թուրքիոյ համաձայնութեան ու յուշարարութեան, Ատրպէյճանի հրասայլը հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ չէր կրակեր: «Արմենփրես»ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսի ժամանակ, նման կարծիք յայտնած է քաղաքագէտ Ալեքսանդր Մանասեան: Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճան ինքնուրոյն դերա կատար չէ, անոր վարքը հասկնալու համար պէտք է հասկնալ, թէ Թուրքիա տարածաշրջանային ի՛նչ ուղեգիծ որդեգրած է:
«Դրան նախորդած սահմանային դէպքերը, այդ նոյն քաղաքականութեան համատեքստում պէտք է դիտարկել: Տարիներ շարունակ, երբ սահմանին լարուածութիւն է պահւում, դա չի կարող չլինել ծրագրաւորուած երկարաժամկէտ քաղաքականութեան մաս»,- ըսած է քաղաքագէտը: Ըստ անոր` Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Սու 24»ը հարուածելէն ետք, ակընյայտ է, որ սահմանային այս միջադէպերը նաեւ Ռուսիոյ դէմ ուղղուած են: Արդեօ՞ք Ատրպէյճան այն վիճակի մէջ է, որ դուրս գայ Ռուսիոյ դէմ. ի վերջոյ, կան ներքին լուրջ խնդիրներ, բախումներ, ընկերային լարուածութիւն, քարիւղի գինի անկում, պիւտճէի ծաւալներու կրճատում: Որքանո՞վ շահեկան պիտի ըլլայ Ատրպէյճանին Ռուսիոյ դէմ դուրս գալը» հարցումին ի պատասխան՝ Մանասեան նշած է.- «Դա պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, թէ Ռուսաստան որքանո՞վ հզօր կը լինի, որքանո՞վ կը պահպանի ռազմական, քաղաքական վճռականութիւնը: Ռուսաստանը ներքին խնդիրներ ունի, բայց պէտք է նկատել, որ առայժմ յաջողւում է բազմազգ երկրի ներսում խաղաղութիւնը, համախմբուածութիւնը պահպանել: Եթէ այս փուլում սահմանային լարուածութեան հրահրումն ուղղուած է Ռուսաստանի դէմ, այդ դէպքում պէտք է սպասել հակաքայլի նաեւ Ռուսաստանի կողմից: Դա կարող է արտայայտուել տարբեր ձեւաչափով, տարբեր հարթակներում` քաղաքական, տնտեսական, ռազմական: Որքանո՞վ Հայաստանը կ’օգտագործուի այս գործընթացում եւ ինչո՞վ է պայմանաւորուած Գիւմրիում ռուսական զօրամիաւորման ուժեղացումը: Այդ զօրամիաւորման ուժեղացումն այս փուլում կարող է պարզապէս նախազգուշացնող բնոյթ կրել: Ինչ վերաբերում է Հայաստանին, ապա ամէն դէպքում մենք պէտք է ինքնուրոյն քաղաքականութիւն վարենք եւ գլխապատառ չմտնենք տարածաշրջանային կոնֆլիկտների մէջ»,- ըսած է քաղաքագէտը: Անդրադառանալով յառաջիկային Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն սպասուող հանդիպման եւ սահմանային լարուածութեան հնարաւոր թուլացման՝ Ալեքսանդր Մանասեան նշած է, որ ատիկա կախուած է այն հանգամանքէն, թէ որքանո՞վ Թուրքիա լրջօրէն մտած է հակառուսական եւ տարածաշրջանային խաղին մէջ: Ինչպէս նաեւ՝ որքանո՞վ Ատրպէյճան պատրաստ է դառնալու թրքական ծրագրին մաս: