11 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:00ին, Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի եւ ­Պա­լէի Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­մա­կան ­Թատ­րո­նին մէջ, հան­դի­սա­ւոր կեր­պով նշո­ւե­ցաւ ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան 125ա­մեա­կը` ներ­կա­յու­թեամբ պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, նա­խա­րար­նե­րու, պատ­գա­մա­ւոր­նե­

րու, հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու եւ տար­բեր եր­կիր­նե­րէ այս ա­ռի­թով ­Հա­յաս­տան գտնո­ւող մե­ծա­թիւ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րու:

­Ձեռ­նար­կին բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան, որ ը­սաւ.-

«­Դաշ­նակ­ցու­թեան ե­րեք դա­րե­րի վրայ եր­կա­րող դիւ­ցազ­ներ­գա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը մէկ բա­ցատ­րու­թիւն ու­նի: Այն մեր ինք­նու­թեան, մեր տե­սա­կի, մեր հայ­կա­կա­նու­թեան հա­րա­զատ ար­տա­ցո­լումն է: Իբ­րեւ գա­ղա­փար եւ իբ­րեւ կա­ռոյց: Այլ գաղտ­նիք գո­յու­թիւն չու­նի:

«­Մեր մշա­կոյ­թի, մեր հո­գե­ւոր կեան­քի, մեր ռազ­մի­կի ու գիւ­ղա­ցու ազ­նո­ւա­կա­նու­թեան ար­դիւնք ինք­նու­թիւ­նից, հայ­կա­կա­նու­թիւ­նից ցան­կա­ցած օ­տա­րում ­Դաշ­նակ­ցու­թեան վախ­ճա­նը կը լի­նի:

«­Մեր աշ­խար­հիկ կեան­քի Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը սա է` մեր հայ­կա­կա­նու­թի՛ւ­նը:

«­Ցա­ւօք, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ըն­կա­լու­մը յա­ճախ միա­կող­մա­նի է: Այդ ըն­կալ­ման մէջ ու­ժը, մար­տու­նա­կու­թիւ­նը եր­բեմն գե­րակշ­ռում են հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին խոր­քին: ­Մինչ­դեռ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, նրա էու­թեան, ճա­նա­չո­ղու­թեան հա­մար նոյն դե­րա­կա­տա­րու­թիւնն ու­նեն մի կող­մից Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը, Դ­րաս­տա­մատ ­Կա­նա­յեա­նը, ­Սո­ղո­մոն ­Թեհ­լի­րեա­նը, միւս կող­մից` ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նը, ­Սիա­ման­թոն, ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նը: «Որ­քան դաշ­նակ­ցա­կան է «­Մենք ան­կեղծ զի­նո­ւոր ենք» եր­գը, նոյն­քան դաշ­նակ­ցա­կան է «Ամ­պի տա­կից ջուր է գա­լիս»ը:

«Եւ մեր ժո­ղովր­դի, հայ­կա­կա­նու­թեան հա­րա­զատ այս ցո­լաց­ման պատ­ճա­ռով է, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը մշտա­պէս թի­րախ է ե­ղել ո՛չ միայն հա­յու­թեան կազ­մա­կեր­պո­ւած, ինք­նու­րոյն ուժ դառ­նա­լը բա­ցա­ռող օ­տար­նե­րի, այլ յա­ճախ նաեւ` մեր ներ­սի յար­մա­րո­ւող-պա­տե­հա­պաշտ­նե­րի հա­մար:

«Քն­նա­դա­տու­թիւ­նը չի սպան­նում: Ու­ժե­ղաց­նում է, ե­թէ դու վստահ ես քո ճա­նա­պար­հին, ե­թէ հա­ւա­տա­րիմ ես քո էու­թեանն ու սկզբունք­նե­րին:

Եւ միշտ դժո­ւար է ­Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծը: Դ­ժո­ւար էր ե­րէկ, դժո­ւար է այ­սօր, դժո­ւար է լի­նե­լու վա­ղը:

«Դ­ժո­ւար, ա­նա­սե­լի դժո­ւար էր մեր նախ­նի­նե­րի գոր­ծը, երբ եր­կու հսկայ կայս­րու­թիւն­նե­րի մի­ջեւ հայ­կա­կան ինք­նու­րոյն կազ­մա­կեր­պո­ւած ու­ժի ստեղ­ծու­մը յղա­ցան եւ, սար­սափ­նե­րի մի­ջով անց­նե­լով, ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւն կեր­տե­ցին: Դ­ժո­ւար, ա­նա­սե­լի դժո­ւար էր նրանց գոր­ծը, երբ հար­կա­դիր տա­րագ­րու­թեան մէջ կազ­մա­կեր­պե­ցին սփիւռ­քը, ող­նա­շար պա­հե­ցին, ­Հայ ­Դա­տը աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան օ­րա­կարգ բե­րե­ցին:

«Ն­րանք այդ ա­րե­ցին, ո­րով­հե­տեւ հա­ւա­տում ու աշ­խա­տում էին: ­Հա­ւա­տում էին ­Հա­յաս­տա­նին: ­Գոր­ծում էին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ:

«Այդ նրանք են ա­րել` մեր նախ­նի­նե­րը:

«­Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան դափ­նի­նե­րը մեր սերն­դի­նը չեն: Ու մենք ա­մե­նա­վեր­ջին ա­նար­ժա­նը կը լի­նենք, ե­թէ մսխենք նրանց թո­ղա­ծը, ե­թէ չկա­րո­ղա­նանք մեր բա­ժին բե­ռը պա­տո­ւով տա­նել:

«Ե­թէ ժա­մա­նա­կին հա­մա­քայլ չլի­նենք, ե­թէ էու­թիւ­նը, խոր­քը պա­հե­լով` ա­նընդ­հատ չար­դիա­կա­նա­նանք: Ե­թէ մե­զա­նից յե­տոյ ե­կող­նե­րին չփո­խան­ցենք ա­զատ, ու­ժեղ, բա­րե­կե­ցիկ ­Հա­յաս­տան ու­նե­նա­լու հաս­տա­տա­կա­մու­թիւ­նը:

«Ար­դէն 25 տա­րի ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը սե­փա­կան հայ­րե­նի­քում, սե­փա­կան ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան մէջ լիար­ժէք գոր­ծող քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն է:

«Ա­յո՛, մենք հե­տե­ւո­ղա­կան ենք ե­ղել, ամ­բո­խա­վա­րու­թեամբ չենք զբա­ղո­ւել, այ­սօր չենք ա­սել մի բան, եր­կու օր յե­տոյ` հա­կա­ռա­կը: ­Շա­րու­նա­կել ենք հա­ւա­տա­րիմ մնալ ազ­գա­յին եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ար­ժէք­նե­րին: Վճ­ռա­կան ենք ե­ղել ա­զատ, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, ար­դար պե­տու­թիւն կա­ռու­ցե­լու ջան­քում:

«Ա­յո՛, քա­ղա­քա­կան ա­ռու­մով մեծ սխալ­ներ, կար­ծես, չենք գոր­ծել: Ե՛ւ իշ­խա­նու­թեան, ե՛ւ ընդ­դի­մու­թեան մէջ պա­հել ու չենք զի­ջել մեր կու­սակ­ցու­թեան ան­կա­խու­թիւնն ու ինք­նու­րոյ­նու­թիւ­նը:

«­Բայց որ­քան քիչ բան ենք ա­րել:

«Ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան պայ­ման­նե­րում չենք կա­րո­ղա­ցել հայ հան­րու­թեա­նը կազ­մա­կեր­պել, գի­տա­կից, իր ի­րա­ւունք­նե­րը պաշտ­պա­նող քա­ղա­քա­ցի, հա­մե­րաշխ հա­սա­րա­կու­թիւն, վստա­հու­թեան մի­ջա­վայր ձե­ւա­ւո­րել:

«­Չենք կա­րո­ղա­ցել մեզ ներ­սից խժռող թշնա­ման­քը, ա­տե­լու­թիւ­նը, չա­րու­թիւ­նը նո­ւա­զեց­նել:

«­Չենք կա­րո­ղա­ցել քիչ թէ շատ ար­դար հա­մա­կարգ ստեղ­ծել, սե­փա­կան իշ­խա­նու­թեան ու սե­փա­կան ժո­ղովր­դի մի­ջեւ անջր­պե­տը վե­րաց­նել, քիչ թէ շատ ա­ռողջ, հո­գե­ւոր, բա­րո­յա­կան, մշա­կու­թա­յին մթնո­լորտ ստեղ­ծել:

«­Չենք կա­րո­ղա­ցել ազ­գա­յին միեւ­նոյն ար­ժե­չա­փե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւող քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, ռազ­մա­կան, հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին ընտ­րա­նի ստեղ­ծել:

«­Չենք կա­րո­ղա­ցել սփիւռ­քը կազ­մա­կեր­պո­ւած, հնա­րա­ւո­րինս միաս­նա­կան ու­ժի վե­րա­ծել, որ ոչ միայն ինքն ի­րեն, այ­լեւ ­Հա­յաս­տա­նին ու Ար­ցա­խին, մեր բա­նա­կին յե­նա­րան կը դառ­նար:

«­Չենք կա­րո­ղա­ցել ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ներ­սում ա­զատ մտքի, բա­նա­վէ­ճի, նո­րաց­նող ինք­նաքն­նա­դա­տու­թեան մշա­կոյթ ձե­ւա­ւո­րել:

«­Չենք կա­րո­ղա­ցել, ի վեր­ջոյ, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան էու­թիւ­նը, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բնոյ­թը, նպա­տակ­նե­րը, գոր­ծե­լա­կեր­պը պարզ, մատ­չե­լի մեր ժո­ղովր­դի լայն հա­տո­ւած­նե­րին, նոր` ան­կա­խու­թեան սերն­դին ներ­կա­յաց­նել ու իբ­րեւ կա­ռոյց` ու­ժե­ղա­նալ նրան­ցով:

«Ա­հա՛ թէ ինչ­քա՜ն բան չենք ա­րել:

«Ա­հա՛ թէ ի՜նչ վիթ­խա­րի ա­նե­լիք ու­նենք:

«­Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ, ըն­կեր­ներ,

«­Տօ­նա­կան օ­րո­ւայ իմ այս խօս­քը այլ կերպ չէի կա­րող կա­ռու­ցել: ­Չա­րա­ծի գի­տակ­ցու­մը, դաշ­նակ­ցա­կա­նի պա­տի­ւը մեզ պար­տադ­րում են նա­յել ա­ռաջ եւ աշ­խա­տել ու աշ­խա­տել:

«­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ար­ժա­նա­պա­տիւ կեան­քի վճռա­կան կու­սակ­ցու­թիւն է: «­Մենք շատ գործ ու­նենք: Եւ միա­սին ա­նե­լու ենք այդ:

«Ա­նե­լու ենք` հա­ւա­տա­լով ­Հա­յաս­տա­նին, գոր­ծե­լով պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ: Ա­նե­լու ենք յա­նուն մեր բարձ­րա­գոյն ար­ժէք­նե­րի:

«­Յա­նուն հայ մար­դու եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցու:

«­Յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան, յա­նուն Ար­ցա­խի:

«­Յա­նուն հայ­կա­կա­նու­թեան»:

Այ­նու­հե­տեւ, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան 125ա­մեա­կին ա­ռի­թով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի յղած շնոր­հա­ւո­րա­կան ու­ղեր­ձը կար­դաց նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան:

Հ.Յ.Դ. 125ա­մեա­կի հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, օ­րո­ւան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ ­Մար­գա­րեան:

Հ.Յ.Դ. 125ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած քայ­լար­շաւ

­

Պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թե­նէն ա­ռաջ, ­Դաշ­նակ­ցու­թեան 125ա­մեա­կին ա­ռի­թով, Ե­րե­ւա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Հ­րա­պա­րա­կէն քայ­լար­շաւ մը տե­ղի ու­նե­ցած է դէ­պի Ա­զա­տու­թեան Հ­րա­պա­րակ, ուր­կէ եր­թին մաս­նա­կից­նե­րը ուղ­ղո­ւած են դէ­պի Օ­փե­րա­յի եւ ­Պա­լէի Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­մա­կան ­Թատ­րոն:

Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Ար­ծո­ւիկ ­Մի­նա­սեան, այս ա­ռի­թով, լրագ­րող­նե­րուն հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին յայտ­նած է, թէ ա­սի­կա ա­ռիթ է հա­սա­րա­կու­թիւ­նը հա­մախմ­բե­լու կու­սակ­ցու­թեան շուրջ եւ ցոյց տա­լու, որ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կազ­մա­ւոր­ման օ­րէն մին­չեւ օրս կը գոր­ծէ եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ գոր­ծել, այն­քան ա­տեն որ չէ ի­րա­կա­նա­ցած իր հիմ­նա­կան նպա­տա­կը` ա­զատ, ան­կախ, միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի կեր­տու­մը:

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան իր կար­գին յայ­տա­րա­րած է լրագ­րող­նե­րուն.- «Հ.Յ.Դ.ն­ այն ա­ռանձ­նա­յա­տուկ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն է, ո­րուն կեն­սագ­րու­թիւ­նը կա­րե­լի չէ բաժ­նել հայ ազ­գի կեն­սագ­րու­թե­նէն: Ա­տի­կա շատ պար­տա­ւո­րեց­նող է, թէ ու­րա­խու­թիւն­ներ ու­նե­ցած ենք, կի­սած ենք ժո­ղո­վուր­դին հետ, կո­րուստ­ներ ու­նե­ցած ենք, բայց կու­սակ­ցու­թիւ­նը ձա­խո­ղու­թիւն­ներ չէ ու­նե­ցած: ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ ո­րե­ւէ հա­լա­ծանք մեր ժո­ղո­վուր­դին դէմ ուղ­ղո­ւած է, մենք կը նկա­տենք, որ ժո­ղո­վուր­դէն ծնած կու­սակ­ցու­թիւն ենք, մեր ժո­ղո­վուր­դին հետ պի­տի ըլ­լանք եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան մեծ զգա­ցում ու­նե­նանք մեր պատ­մու­թեան դի­մաց»:

Հ.Յ.Դ. 125ա­մեա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ`

Ե­ռաբ­լու­րի եւ ­Քա­ղա­քա­յին ­Պան­թէո­նին մէջ

­

Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան 125ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած հա­յաս­տա­նեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը ըն­թացք ա­ռին Ե­ռաբ­լուր ­Պան­թէո­նէն: ­Հա­րիւ­րա­ւոր քա­ղա­քա­ցի­ներ հա­մախմ­բո­ւած էին հե­րո­սա­կան բար­ձուն­քին վրայ: ­Ներ­կայ էին նաեւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ղե­կա­վար մար­մին­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ:

Ե­ռաբ­լուր կը գտնո­ւէին նաեւ այս ա­ռի­թով յա­տուկ ­Հա­յաս­տան ժա­մա­նած Հ.Յ.Դ. կա­ռոյց­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­ներ` աշ­խար­հի 30 եր­կիր­նե­րէ, ա­զա­տա­մար­տիկ­ներ եւ այլն:

­Դաշ­նակ­ցու­թեան ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան 125 ան­դամ­ներ խորհր­դան­շա­կան ֆլեշ­մոպ կա­տա­րե­ցին: Ա­նոնք Ե­ռա­գոյ­նով ու Հ.Յ.Դ. դրօ­շակ­նե­րով մէկ վայր­կեան լռու­թեամբ յար­գե­ցին Ար­ցա­խեան ­Հե­րո­սա­մար­տի ըն­թաց­քին ի­րենց կեան­քը զո­հած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն յի­շա­տա­կը, ա­պա ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի Ան­յայտ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շար­ձան, ուր ար­դէն իբ­րեւ դրօ­շա­կա­կիր հե­տե­ւե­ցան ի­րենց ա­ւագ ըն­կեր­նե­րուն երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան: Ե­ռաբ­լուր ­Պան­թէո­նէն դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րը, ար­դէն հա­մալ­րո­ւած շար­քե­րով, ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­Քա­ղա­քա­յին ­Պան­թէոն, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան կարգ եւ յար­գան­քի տուրք մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նի, դաշ­նակ­ցա­կան ա­կա­նա­ւոր գոր­ծիչ­ներ Հ­րայր ­Մա­րու­խեա­նի, ­Խա­ժակ ­Տէր-Գ­րի­գո­րեա­նի, Է­դուարդ եւ ­Վա­հան ­Յով­հան­նի­սեան­նե­րու յի­շա­տա­կին: