Մեծ աշխատանք կը տարուի 2016 թուականի Ապրիլ 23ին, Երեւանի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Կլոպալ Երկրորդ Ֆորում»-ի իրականացման ուղղութեամբ: Ֆորումի հիմնական թեման պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը եւ փախստականներու ճգնաժամը: Այդ մասին, ըստ Armenpress.amի, կառավարութեան նիստին յայտարարած է Հ.Հ. նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ ընտրուած թեման արդիական է եւ միջազգային մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ: Ան նշած է, որ Ցեղասպանութեան 100րդ տա րելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, ինչպէս եւ նախատեսուած էր, կարեւոր ուղղութիւններէն մէկը Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ առհասարակ միջազգային պայքարն է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախաձեռնութեամբ 90 երկրի համահեղինակութեամբ Մ.Ա.Կ.ի մէջ ընդունուած է երկու կարեւոր բանաձեւ: «Դեկտեմբեր 9ին, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Մ.Ա.Կ.ի կեդրոնակայանում` Նիւ Եորքում, նշւում էր բոլոր ցեղասպանութիւնների զոհերի յիշատակի օրը: Միջոցառման հիւրընկալողներն էին Մ.Ա.Կ.ի գլխաւոր վեհաժողովի նախագահը, գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը, Մ.Ա.Կ.ում Հ.Հ. մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Մնացականեան: Հեղինակաւոր «Փոլիսքօ» ամսագրում հրապարկուել է մեծ յօդուած եւ տեղ գտել գովազդային էջ, որտեղ առհասարակ խօսւում է ցեղասպանութիւնների մասին: Ծրագրի համահովանաւորներից մէկը Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտն է»,- ըսած է Սարգսեան:
Միաժամանակ, ան բարձր գնահատած է «100-Կեանք» ծրագիրը:
Նշենք, որ Դեկտեմբեր 9ը առաջին անգամ նշուեցաւ իբրեւ Ցեղասպանութեան Յանցագործութեան Զոհերու Յիշատակի եւ Արժանապատւութեան ու այս Յանցագործութեան Կանխարգիլման Միջազգային Օր: