Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ներկայացուց կազմի անդամները, փոխանցեց քառամեայ գործունէութեան ծրագիրները եւ շեշտը դրաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-եկեղեցի անքակտելի կապին վրայ:
Իր կարգին, Վեհափառ Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց հոգեւոր եւ հայապահպանման առումներով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ի գործ դրած աշխատանքներուն` նշելով, որ թեմական առաջնորդներուն ճամբով կը հետեւի գործունէութեան եւ թելադրած է միշտ օժանդակել միութեան տարբեր ծրագիրներուն: Գարեգին Բ. Կաթողիկոս հաստատեց, որ մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներուն ճամբով սփիւռքահայ պատանին ու երիտասարդը հայ պահելու առաքելութիւնը նուիրական է. այս առիթով ան իր քաջալերանքն ու օրհնութիւնը փոխանցեց նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան: Գառնիկ Մկրտիչեան Վեհափառ Հօր տեղեկացուց 2018ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք միութեան 100ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութեան մասին: