­altԱտր­պէյ­ճա­նա­կան եւ հայ­կա­կան զօր­քե­րու շփման գի­ծին վրայ վեր­ջին լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը ու ծանր ռազ­մամ­թեր­քի օգ­տա­գոր­ծու­մը ան­թոյ­լատ­րե­լի է.- յայ­տա­րա­րած է Ա.Մ.Ն. պե­տա­կան բա­ժան­մուն­քի մա­մու­լի ծա­ռա­յու­թեան ղե­կա­վար ­Ճոն ­Քիր­պի` հեր­թա­կան ճե­պազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դառ­նա­լով սահ­

մա­նա­յին վեր­ջին մի­ջա­դէ­պե­րուն, կը հա­ղոր­դէ Tert.am:
Ան ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նած է վեր­ջին մի­ջա­դէ­պի հե­տե­ւան­քով զո­հո­ւած­նե­րու կամ վի­րա­ւո­րո­ւած­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն ու յի­շե­ցու­ցած, որ նման յար­ձա­կում­նե­րը չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ Ատըր­պէյ­ճա­նի ու ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ­նե­րու ստանձ­նած յանձ­նա­ռու­թիւն­նե­րուն` ԼՂ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով լու­ծե­լու հար­ցով:
«­Մենք կող­մե­րուն կոչ կ­՛ը­նենք պահ­պա­նե­լու հրա­դա­դա­րը»,- ը­սած է ­Քիր­պի: Ան նաեւ անդ­րա­դար­ձած է ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րու յա­ռա­ջի­կայ հան­դիպ­ման մա­սին: «Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի խմ­բակի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը այս ա­միս հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նան ­Հա­յաս­տա­նի ու Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն հետ: ­Մենք կող­մե­րուն կոչ կ­՛ը­նենք մի­ջոց­ներ ձեռ­նար­կե­լու` բռնու­թե­նէն խու­սա­փե­լու եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տը բա­րե­լա­ւե­լու հա­մար»,- ը­սած է ան:
­Յի­շեց­նենք, որ վեր­ջին օ­րե­րուն սահ­մա­նի ի­րադ­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւի լա­րո­ւած մնալ:  Լ.Ղ.Հ. Պ.Բ.ն­ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն տա­րա­ծած էր` նշե­լով, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը ա­ռա­ջին ան­գամ կրակ բա­ցած է հրա­սայ­լէ: ­Հայ­կա­կան կող­մէն զո­հո­ւած էր մէկ զի­նո­ւոր: