Խորհրդարանին մէջ 97 թեր, 12 դէմ եւ 3 ձեռնպահ քուէներով՝ 9 Դեկտեմբերին ընդունուեցաւ 2016 թուականի պետական պիւտճէին նախագիծը: Փաստաթուղթի քուէարկութենէն առաջ ելոյթ ունեցաւ Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան եւ տեղեկացուց, որ իրենք պիտի
չմասնակցին քուէարկութեան:
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրաբեան յայտարարեց, որ իրենք թեր պիտի քուէարկեն: Քուէարկութենէն առաջ ծաւալուն ելոյթով հանդէս եկաւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Անոր համաձայն, 470 միլիոն տոլարով նուազած են դրամական փոխանցումները, ինչ որ ազդած է սպառման քանակին վրայ. առեւտուրը 10 ամսուան ընթացքին նուազած է 25 տոկոսով: «Կառավարութիւնը միջոցներ գործադրած է, մշակած ոչ-սովորական լուծումներ, կազմած է տնտեսական ծրագիրներ, որոնց արդիւնքով 9 ամիսներու ընթացքին արձանագրուած է Համախառն Ներքին Արդիւնքի 3,5 առ հարիւր աճ: Հիմնական աճը արձանագրուած է հանքարդիւնաբերութեան ու գիւղատնտեսութեան մարզերուն մէջ»,- ըսաւ ան:
Քուէարկութենէն ետք, վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց պատգամաւորներուն` նշելով, որ քուէարկութեան արդիւնքները, անոր բնութագրումով, «պարտաւորեցնող են»: