­Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Սէյ­րան Օ­հա­նեան Դեկ­տեմ­բեր 8ին ըն­դու­նած է Հայ Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:
Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան լրա­տո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թեան փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով` ո­ղ­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը, Սէյ­րան Օ­հա­նեան բարձր գնա­հա­տած է կա­ռոյ­ցին դե­րը հա­յա­պահ­պա­նու­թեան, մաս­նա­ւո­րա­պէս` մա­տաղ սե­րուն­դի հայ­րե­նա­սի­րա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան գոր­ծին մէջ եւ ընդգ­ծած, որ Հայ Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ի­րա­ւամբ Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ­նե­րէն է: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­դու­նե­լու­թեան եւ կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ա­ջակ­ցե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան հա­մար` Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտ­իչեան նշած է, որ հայ­րե­նի­քի հետ կա­պը ա­ւե­լի ամ­րապն­դե­լու եւ հայ­րե­նի­քի շուրջ հա­մախմ­բո­ւե­լու ծրա­գիր­նե­րը, հա­մա­հայ­կա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու, սկաու­տա­կան բա­նա­կում­նե­րու եւ տա­րա­տե­սակ մար­զա­խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը մշտա­պէս կը գրա­ւեն միու­թեան ու­շադ­րու­թիւ­նը: 20րդ դա­րու սկիզ­բը հիմ­նո­ւած Հայ Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան նպա­տակն է պատ­րաս­տել մարմ­նով տո­կուն, ի­մա­ցա­կան եւ հո­գե­ւոր բարձր ար­ժէք­նե­րու տէր հա­յեր եւ քա­ղա­քա­ցի­ներ, ա­նոնց մէջ զար­գաց­նել պար­տա­կա­նու­թեան ու փո­խա­դարձ օգ­նու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն, հա­մե­րաշ­խու­թեան, պա­տաս­խա­նատ­ւու­թեան եւ պա­տո­ւի զգա­ցում: Հա­յաս­տա­նի եւ աշ­խար­հի շուրջ 24 եր­կիր­նե­րու մէջ գոր­ծող 108 մաս­նա­ճիւ­ղե­րը ու­նին 26.000 ան­դամ` սկաուտ­ներ եւ մար­զիկ­ներ: Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են Հայ Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր Միու­թեան յա­ռա­ջի­կայ քա­ռա­մեա­կի գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րին մէջ Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հետ հա­մա­տեղ ի­րա­կա­նա­ցո­ւե­լիք ծրա­գիր­ներն ու ձեռ­նարկ­նե­րը: