Հա­յաս­տա­նի մէջ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կած է յայ­տա­րա­րու­թիւն, ո­րուն մէջ գո­հու­նա­կու­թիւն կը յայտ­նէ «­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ժո­ղո­վուր­դին ու կա­ռա­վա­րու­թեան բաց բա­նավԷ­ճէ ետք 6 Դեկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցած սահ­մա­նադ­րա­կան հան­րա­քո­ւէի խա­ղաղ կազ­մա­կերպ­ման հա­մար»:

«­Նոր սահ­մա­նադ­րու­թե­նէն բխող կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գի փո­փո­խու­թիւ­նը զգա­լի է: Քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ ան­կու­սակ­ցա­կան դէ­տե­րու ար­ժա­նա­հա­ւատ հա­ղոր­դում­նե­րը ընտ­ րա­խախ­տում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, մտա­հո­գիչ են եւ պէտք է լիար­ժէք կեր­պով հե­տաքննո­ւին` հա­մո­զե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ հան­րա­քուէի ար­դիւնք­նե­րը վստա­հե­լի են եւ օ­րի­նա­կան:

Մենք կոչ կ­՛ուղ­ղենք ընտ­րա­կան յանձ­նա­խում­բին եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան՝ կա­տա­րե­լու ընտ­րա­խախ­տում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ ար­ժա­նա­հա­ւատ հա­ղոր­դում­նե­րու թա­փան­ցիկ քննու­թիւն»,- ը­սո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ:

«Այս հար­ցե­րուն պէտք է լու­ծում տալ հի­մա, ինչ­պէս նաեւ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին կող­մէ նոր ընտ­րա­կան օ­րէնս­գիր­քի ձե­ւա­ւոր­ման ըն­թաց­քին մէջ` հիմք ըն­դու­նե­լով Ե.Ա.Հ.Կ.ի Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան Հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Գ­րա­սե­նեա­կի ա­ռա­ջարկ­նե­րը` ա­պա­հո­վե­լու, որ հե­տա­գայ ընտ­րու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ նկա­տո­ւին ար­ժա­նա­հա­ւատ, օ­րի­նա­կան եւ ըն­կա­լո­ւին իբ­րեւ ի­րենց կամ­քի ի­րա­կան ար­տա­յայ­տում»,- յայ­տա­րա­րած է Հա­յաս­տա­նի մէջ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նու­թիւ­նը: