Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան, «Երկիր»ին հետ Դեկտեմբեր 8ին ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադարձած է սահմանին վրայ տիրող լարուած կացութեան:
«Վերջին օրերուն իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ լարուած է. նախորդ շաբաթ ունեցանք մէկ զոհ եւ մէկ վիրաւոր: Երէկ գիշեր ալ հակառակորդը հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 2700 կրակոց»,- ըսած է ան` աւելցնելով, որ ատրպէյճանական կողմին առած քայլերուն մէջ առողջ տրամաբանութիւն չկայ, հասկնալի չէ, թէ ան ինչո՛ւ նման քայլերու կը դիմէ:
Բաբայեանի համաձայն՝ ատրպէյճանական կողմը թերեւս կը փորձէ հասարակութեան ուշադրութիւնը շեղել այս օրերուն «Կիւնեշլի» ծովային քարիւղի հանքին մէջ տեղի ունեցած հրդեհէն, որուն իբրեւ հետեւանք տասնեակ մը ատրպէյճանցիներ զոհուած են:
Վերջին օրերուն սահմանին վրայ տիրող լարուածութիւնը, Բաբայեանին համաձայն, նաեւ Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւններուն հետեւանք է: «Վերջին խախտումներուն ժամանակ, երբ մենք անդառնալի կորուստ ունեցանք, այդ ատեն Թուրքիոյ վարչապետը հոն էր եւ կարելի չէ բացառել, որ ան ալ այն մարդոցմէ եղած է, որ յորդորած էին Ալիեւին դիմելու նման քայլերու: Ասիկա համաթրքութեան գաղափարախօսութեան արտայայտման միջոցներէն մէկն է, որ կործանարար պիտի ըլլայ յատկապէս Թուրքիոյ համար»,- դիտել տուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական բանբերը: