­Հա­յաս­տա­նի «Է­րե­բու­նի» ռազ­մա­կա­յա­նին մէջ Ռու­սաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րը կ­՚ամ­րապն­դեն ի­րենց դիր­քե­րը` Մի24-Պ եւ Մի-8ՄՏ տի­պի նոր ուղ­ղա­թիռ­նե­րով: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ «­Ռիա Նո­վոս­թի» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը:

«­Մին­չեւ այս տա­րե­վերջ պի­տի ու­ղար­կո­ւին այլ օ­դա­նաւ­ներ եւս։ Ուղ­ղա­թիռ­նե­րը տեղ պի­տի գրա­ւեն ՄԻԿ-29 հա­լա­ծիչ­նե­րու կող­քին եւ տոր­մի­ղը պի­տի լրա­ցո­ւի մէկ ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին, որ­մէ ետք օ­դա­չու­նե­րը պի­տի սկսին ծրագ­րեալ թռիչք­ներ»,- ը­սո­ւած է հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ: