­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թիւ­նը, ­Ղա­րա­բա­ղեան շար­ժու­մի ա­ռա­ջին օ­րե­րէն իսկ, Ար­ցա­խի մէջ է՝ իր աշ­խար­հաս­փիւռ միա­ւոր­նե­րով ու բա­զում ծրա­գիր­նե­րով: Ար­ցա­խի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւող Հ.Օ.Մ.ի ծրա­գիր­նե­րէն կ­՛ա­ռանձ­նա­նայ սա­կայն մեծ նա­խա­գիծ մը՝ Հ.Օ.Մ.ի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ծրա­գի­րը:

1998ի Ապ­րի­լին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ, բա­ցո­ւե­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զը, որ նպա­տակ ու­նէր ա­ջակ­ցիլ Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րուն՝ ա­պա­հո­վե­լով ման­կա­հա­սակ ե­րե­խա­նե­րու կրթա­կան-դաս­տիա­րակ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը:

«­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զը շատ կարճ ժա­մա­նա­կո­ւան ըն­թաց­քին ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւեց Լ.Ղ.Հ. նա­խադպ­րո­ցա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու շար­քին՝ ա­տով իսկ ար­դա­րաց­նե­լով Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան եւ ա­նոր հո­վա­նա­ւո­րած շրջան­նե­րուն ու ան­հատ­նե­րուն սպա­սում­ներն ու յոյ­սե­րը:

­Հե­տա­գա­յին, Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զին օ­րի­նա­կով՝ ո­րո­շո­ւե­ցաւ ընդ­լայ­նել «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէզ­նե­րու ցան­ցը Ար­ցա­խի մէջ, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­նոնց թի­ւը հասց­նե­լով 12ի:

­Ներ­կա­յիս, Ար­ցա­խի տա­րած­քին, Հ.Օ.Մ.ի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէզ­նե­րը կը գոր­ծեն ­Շու­շիի, ­Մեծ ­Թա­ղե­րի, ­Տո­ղի, Ակ­նա­բեր­դի, Ա­շա­նի, Խնձ­րիս­տա­նի, ­Քա­րե­հա­գի մէջ, ուր ա­ւե­լի քան 400 մա­նուկ­ներ կը յա­ճա­խեն այդ ման­կա­պար­տէզ­նե­րը: Ան­ցած տա­րի­նե­րուն, ա­ւե­լի քան 2300 մա­նուկ­ներ շրջա­նա­ւարտ ե­ղած են այդ ման­կա­պար­տէզ­նե­րէն:

Այ­սօր, «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի սա­նե­րուն մեծ մա­սը լաւ մաս­նա­գէտ է, հայ­րե­նի­քի պաշտ­պան է եւ իր ներդ­րու­մը կ­՛ու­նե­նայ հայ­րե­նի­քի զար­գաց­ման ու հզօ­րաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ:

Գ­նա­հա­տե­լով եւ ար­ժե­ւո­րե­լով Հ.Օ.Մ.ի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը Ար­ցա­խի մէջ, 2010ին Լ.Ղ.Հ. նա­խա­գա­հին հրա­մա­նա­գի­րով՝ այս կա­ռոյ­ցը պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ «Ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն» յու­շա­մե­տա­լով:

Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի շէն­քը, ուր կը յա­ճա­խէ 95 ե­րե­խայ՝ 17 պաշ­տօ­նեա­նե­րու կող­քին, կա­ռու­ցուած է 1953 թո­ւա­կա­նին, իսկ այ­սօր կը գտնո­ւի թէ՛ երկ­րա­շար­ժի վտան­գին տակ եւ թէ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան անմ­խի­թար վի­ճա­կի մէջ:

2014ի Ապ­րի­լին, Լ.Ղ.Հ. ­Սէյս­միկ (երկ­րա­շա­ժի) ­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը այդ շէն­քը գնա­հա­տեց որ­պէս վտան­գա­ւոր եւ պա­հանջ ներ­կա­յա­ցուց ման­կա­պար­տէ­զը գո­ցե­լու: Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը նա­խա­ձեռ­նեց ման­կա­պար­տէ­զի այդ շէն­քը քան­դե­լու եւ ար­դիա­կան պա­հանջ­նե­րով յա­գե­ցած նոր շէնք մը կա­ռու­ցե­լու ծրա­գի­րին:

Ծ­րա­գի­րը նա­խագ­ծող խում­բը կ­՛ա­ռա­ջար­կէ նոր ման­կա­պար­տէ­զը կա­ռու­ցել Հ.Օ.Մ.ի նախ­կին ման­կա­պար­տէ­զին տե­ղը՝ հա­շո­ւի առ­նե­լով, որ ա­նի­կա ու­նի կա­նա­չա­պատ եւ ծա­ռե­րով բա­րե­կար­գո­ւած բակ մը:

­Նո­րա­կա­ռոյց ման­կա­պար­տէ­զին մէջ կը նա­խա­տե­սո­ւի ու­նե­նալ չորս խում­բեր:

­Շէն­քը կը ծրագ­րո­ւի կա­ռու­ցել երկ­յար­կա­նի՝ 24-23 մեթր (78,74-75,46 ոտք) ա­ռանց­քա­յին չա­փե­րով: ­Հիմ­նա­կան յար­կե­րէն բա­ցի, կը նա­խա­տե­սո­ւի կա­ռու­ցել՝

- Ն­կու­ղա­յին յարկ՝ պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ ե­րե­խա­նե­րը ռմբա­կո­ծու­թիւն­նե­րէ պաշտ­պա­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեամբ.

- ­Ձեղ­նա­յարկ՝ 326,66 քառ.մ. (3483,83 քառ. ոտք), որ պի­տի օգ­տա­գոր­ծո­ւի հա­ւա­քոյթ­նե­րու հա­մար:

­Նա­խա­գի­ծը ի­րա­կա­նաց­նող խում­բը նաեւ ա­ռա­ջար­կած է տե­սա­դի­տար­կու­մի հա­մա­կարգ մը, որ ա­ռիթ կու տայ online կապ հաս­տա­տե­լու ման­կա­պար­տէ­զին եւ Հ.Օ.Մ.ի ո­րե­ւէ գրա­սե­նեա­կի մի­ջեւ՝ վեր­ջինս մաս­նա­կից դարձ­նե­լով ման­կա­պար­տէ­զի ա­ռօ­րեա­յին: