altԵւ­րո­պա­յի Խոր­հուր­դի Խորհր­դա­րա­նա­կան Վե­հա­ժո­ղո­վի (Ե.Խ.Խ.Վ.) պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, որ դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած է Դեկ­տեմ­բեր 6ին Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու հան­րա­քո­ւէի ըն­թաց­քին, հրա­պա­րա­կած է իր գնա­հա­տա­կա­նը:

Ըստ Panorama.amի՝ Ե.Խ.Խ.Վ. պաշ­տօ­նա­կան կայ­քով հրա­պա­րա­կո­ւած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ կ­՛ը­սո­ւի.- Հան­րա­քո­ւէն յան­գե­ցուց նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան ըն­դուն­ման:

Կը նշո­ւի, որ ըստ նախ­նա­կան ար­դիւնք­նե­րու՝ քուէար­կու­թեան մաս­նա­կից­նե­րուն 64 տո­կո­սը կողմ քո­ւէար­կած է փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն` այս­պի­սով ա­պա­հո­վե­լով սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ըն­դուն­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ ընտ­րող­նե­րու 25 տո­կո­սի մաս­նակ­ցու­թեան տո­կո­սը:

«­Հա­մե­մա­տա­բար ցած մաս­նակ­ցու­թիւ­նը,- բնակ­չու­թեան մօտ 50 տո­կո­սը,- կ­՛ար­տա­ցո­լաց­նէ այն փաս­տը, որ հան­րա­քո­ւէն պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է քա­ղա­քա­կան շա­հե­րով»,- կ­՛ը­սո­ւի հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ:

Կը նշո­ւի, որ 2,5 տա­րո­ւան բա­րե­փո­խում­նե­րու մշակ­ման գոր­ծըն­թա­ցը այն­քան ալ ամ­բող­ջա­կան չէր. խորհր­դա­րա­նը ու­նէր ըն­դա­մէ­նը քա­նի մը շա­բաթ օ­րի­նա­գի­ծը քննար­կե­լու հա­մար եւ հան­րա­յին բա­նա­վէ­ճը սահ­մա­նա­փա­կո­ւե­ցաւ 2 ա­մի­սով` դժուա­րաց­նե­լով հա­մա­ձայ­նու­թեան ձեռք բե­րու­մը:

«Այս­պի­սով, սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խու­թիւն­նե­րու հիմ­նա­կան ա­ռանց­քը` նա­խա­գա­հա­կան հա­մա­կար­գէն խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գին ան­ցու­մը, բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու կող­մէ կը դի­տո­ւի որ­պէս ներ­կայ նա­խա­գա­հին իշ­խա­նու­թեան մնա­լու մի­ջոց` ա­նոր երկ­րորդ եւ վեր­ջին ժամ­կէ­տի ա­ւար­տէն ետք»:

Քո­ւէար­կու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին հետ կա­պո­ւած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կ­՛ափ­սո­սայ, որ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մտա­հո­գո­ւած չէին դէ­պի նոր սահ­մա­նադ­րու­թիւն տա­նող գոր­ծըն­թա­ցի ա­նա­չա­ռու­թեամբ եւ կը նշո­ւին քա­նի մը խնդիր­ներ.

- Ընտ­րա­ցու­ցակ­նե­րու անճշ­դու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը պա­րու­նա­կեն ար­տերկ­րի մէջ մշտա­պէս բնա­կող կամ նոյ­նիսկ մա­հա­ցած­նե­րու ա­նուն­ներ` յան­գեցնե­լով այն պնդում­նե­րուն, որ այս ա­նուն­նե­րը կ­՛օգ­տա­գոր­ծո­ւին մար­դոց կող­մէ, ո­րոնք կը քուէար­կեն քա­նի մը ան­գամ:

- Մեծ չա­փե­րու հաս­նող կազ­մա­կեր­պո­ւած ընտ­րա­կա­շառք­ներ, ընտ­րող­նե­րու վրայ ճնշում գոր­ծադ­րե­լու մի­ջոց­ներ:

- Լ­րա­տո­ւա­կան դաշ­տը մէկ ան­գամ եւս հա­ւա­սար չէր եւ քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը չեն կրցած կա­տա­րել ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը` հա­սա­րա­կու­թիւ­նը տե­ղե­կաց­նե­լու եւ կողմ­նո­րո­շե­լու հա­մար:

- Գոր­ծա­դիր մար­մին­նե­րու կող­մէ վար­չա­կան աղ­բիւր­նե­րու չա­րա­շա­հում:

- Ընտ­րա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու վրայ ճնշում­նե­րու, կա­շա­ռե­լու պնդում­ներ:

- Տե­ղա­մա­սա­յին ընտ­րա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման թե­րու­թիւն­նե­րը` յատ­կա­պէս հաշուար­կի ըն­թաց­քին:

- Շար­ժա­կան քո­ւէար­կու­թեան բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը ար­դիւ­նա­ւէ­տօ­րէն բա­ցա­ռած է հաշ­ման­դամ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը:

Ե.Խ.Խ.Վ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը Հ.Հ. իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կոչ կ­՛ը­նէ անդ­րա­դառ­նա­լու այս խնդիր­նե­րուն, որ­պէս­զի կա­ռու­ցէ վստա­հու­թիւն քո­ւէար­կու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հան­դէպ ընդ­հան­րա­պէս` ա­պա­հո­վե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի ի­րա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ա­պա­գան:

Ե.Խ.Խ.Վ. պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­ղած է Դեկ­տեմ­բեր 4էն 7, ո­րուն ըն­թաց­քին հան­դի­պած է քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ, Կ.Ը.Յ. նա­խա­գա­հին, քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թեան եւ լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Ե.Ա.Հ.Կ./ԺՀՄԻ­Գի փոր­ձա­գէտ­նե­րու հետ:

Ե.Խ.Խ.Վ. դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ղե­կա­վա­րը ե­ղած է Զո­ւի­ցե­րիոյ պատ­գա­մա­ւոր Անտ­րէաս Կ­րոս: Պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մէջ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի հար­ցով Ե.Խ.Խ.Վ. հա­մա­զե­կու­ցող Ա­լան Միլ, Զո­ւի­ցե­րիոյ պատ­գա­մա­ւոր Տո­րիս Ֆիա­լա: