­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան 7 ­Դեկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, նա­խա­գա­հա­կան իր նստա­վայ­րին մէջ, հիւ­րըն­կա­լեց բազ­մա­թիւ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, հա­սա­րա­կա­կան եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնց ուղ­ղեց ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հան­րա­քո­ւէի «յա­ջո­ղու­թիւն»ը դրո­ւա­տող իր խօս­քը՝ յատ­կա­պէս շեշ­տե­լով, որ

­Հա­յաս­տա­նի հա­մար ար­դէն կա­րե­լի է ի­րա­կա­նու­թիւն նկա­տել կա­ռա­վար­ման խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գը:

«Ա­տի­կա կը նշա­նա­կէ ու­ժեղ իշ­խա­նու­թեան եւ ու­ժեղ ընդ­դի­մադ­րու­թեան առ­կա­յու­թիւն, քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու դե­րի բարձ­րա­ցում, ա­նոնց զար­գաց­ման նոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րու ըն­ձե­ռում: Ա­տի­կա կը նշա­նա­կէ նաեւ զար­գա­ցած կու­սակ­ցա­կան հա­մա­կարգ, որ ո­րե­ւէ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պե­տու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն նա­խա­պայ­ման­նե­րէն մէկն է: Ան­ցու­մը խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գին ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կ­՛ա­պա­հո­վէ օ­րէնս­դիր եւ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ա­ւե­լի մեծ թա­փան­ցի­կու­թիւն: Այ­սու­հե­տեւ կը յստա­կա­նայ գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ կը բարձ­րա­նայ ա­նոր հա­շո­ւե­տո­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը, իսկ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը խորհր­դա­րա­նին եւ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կը դառ­նայ ա­ւե­լի կան­խա­տե­սե­լի»,- յայ­տա­րա­րեց հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան յատ­կա­պէս շեշտ դրաւ այն ե­րե­ւոյ­թին վրայ, որ 6 ­Դեկ­տեմ­բե­րին ­Հա­յաս­տան ընտ­րեց եր­կա­րա­ժամ­կէտ ու կա­յուն զար­գաց­ման ու­ղին, եւ ա­նոր շնոր­հիւ հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թիւ­նը ար­դէն կը թե­ւա­կո­խէ իր զար­գաց­ման յա­ջորդ հանգ­րո­ւա­նը:

­Սերժ ­Սարգ­սեան նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան հե­տե­ւե­լիք օ­րէնսդ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն:

«Այ­սօր իս­կոյն պէտք է լծո­ւինք աշ­խա­տան­քի, որ­պէս­զի պատ­րաս­տենք նոր Ընտ­րա­կան Օ­րէնս­գիրք: Այդ աշ­խա­տան­քը պէտք է ա­ւար­տած ըլ­լայ մին­չեւ 1 ­Յու­նիս 2016, որ­պէս­զի 2017ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը տե­ղի ու­նե­նան ա­ւե­լի բարձր վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի մը մէջ, որ­պէս­զի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը կաս­կած չյա­րու­ցեն ինչ­պէս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն, այն­պէս ալ մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն մօտ»,- ը­սաւ ան` պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նե­լով բաց քննար­կում­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու Ընտ­րա­կան Օ­րէնս­գիր­քին շուրջ: