Նախագահ Սարգսեան ողջունած է հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոնց, որոնք հանդիսանալով Հայաստանի բարեկամներ, տարիներ շարունակ իրենց գործունէութեամբ մեծապէս կը նպաստեն հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութեան ամրապնդման ու երկու երկիրներուն միջեւ մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ սերտ փոխ-գործակցութեան զարգացման: Նախագահը շնորհաւորած է Զօրի Բալայեանի ծննդեան տարեդարձն ու անոր ստեղծագործութիւններու ժողովածուի հրատարակութիւնը՝ մաղթելով առողջութիւն, անսպառ եռանդ եւ ստեղծագործական նորանոր յաջողութիւններ:
Այս առիթով տեղի ունեցած է նաեւ շնորհահանդէսի արարողութիւն եւ ներկայացուած է 8 հատորէ բաղկացած ռուսերէն ժողովածուն: «Հաւանաբար իւրաքանչիւր գրողի համար ժողովածուն գագաթնակէտն է: Երբ սկսում ես աշխատել, չես մտածում՝ ի՞նչ է լինելու վերջում: Ժողովածուի գերխնդիրն է, որ լաւագոյն գործերը մի տեղ հաւաքուեն: Այն մնայուն է: Եւս 8ի համար նիւթեր կարող եմ հաւաքել: Բայց այստեղ իւրաքանչիւր հատոր իր գերխնդիրն ունի»,- յայտնած է Զօրի Բալայեան: Գրողը հաստատած է, որ իրեն համար երջանիկ պահ է, երբ կը տեսնէ 8 հատորները: «Ցաւալի է, երբ ասում են, թէ հիմա գիրք չեն կարդում: Ինչպէ՞ս կարելի է գիրք չկարդալ՝ յատկապէս Հայաստանում: Ես միայն իմ գրքերի մասին չեմ խօսում: Հային առանց գրքի չեմ պատկերացնում»,- նշած է Բալայեան: