­Հ.Հ. ար­դա­րա­դա­տու­թեան, ար­տա­քին գոր­ծոց, կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան, մշա­կոյ­թի եւ սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը այ­սու­հե­տեւ նոր շէնք պի­տի ու­նե­նան: Ե­րե­ւա­նի Վազ­գէն Սարգ­սեան 3 հաս­ցէին գտնո­ւող կա­ռա­վա­րա­կան-վար­չա­կան նոր հա­մա­լի­րին բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է Դեկ­տեմ­բեր 5ին, նա­խա­գահ

Սերժ Սարգ­սեա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ: Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րար Նա­րեկ Սարգ­սեան լրագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ը­սած է.- «­Տե­ղա­բաշ­խե­լը բարդ խնդիր էր։ Սկզբում նա­խա­տե­սո­ւած էր 4 նա­խա­րա­րու­թիւն, յե­տոյ դար­ձաւ 5։ Այս տա­րած­քի վրայ կազ­մա­կեր­պել բո­լո­րի ա­ռան­ձին մուտ­քե­րը դիւ­րին խնդիր չէր։ Ան­կախ Հա­յաս­տա­նի պատ­մու­թեան մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ է կա­ռա­վա­րա­կան շէնք կա­ռուց­ւում։ Շատ կա­րե­ւո­րո­ւեց այն, որ շէն­քի ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը լի­նի այն շէն­քե­րի նման, որ մին­չեւ հի­մա ու­նե­ցել ենք։ Կա­մա­րի աջ եւ ձախ կող­մե­րում զար­դա­քան­դակ­ներ ա­րե­ցինք նոյ­նու­թեամբ, ինչ­պի­սին կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քի զար­դա­քան­դակ­ներն են»։

Ըստ Նա­րեկ Սարգ­սեա­նի՝ ե­թէ կա­ռա­վա­րու­թեան նախ­կին շէն­քը, որ կը գտնո­ւէր Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ, 14 հա­զար քառ. մեթր էր, նոր վար­չա­կան հա­մա­լի­րին մէջ նոյն­քան տա­րածք ու­նի միայն ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը:

Ան ա­ւել­ցու­ցած է նաեւ որ նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րը կա­ռա­վա­րա­կան նոր շէնք պի­տի փո­խադ­րո­ւին մին­չեւ Փետ­րո­ւա­րի վեր­ջը:

Հա­մա­լի­րի մաս­նա­շէն­քե­րուն ընդ­հա­նուր մա­կե­րե­սը կը կազ­մէ 33.460 քառ. մ.: Հա­մա­լի­րի կա­ռուց­ման հա­մար ծախ­սո­ւած է 13 մի­լիառ 687 մի­լիոն 288 հա­զար 390 դրամ:

Շէն­քը կա­ռու­ցո­ւած է ար­դա­րա­դա­տու­թեան այ­րած շէն­քի հո­ղա­տա­րած­քին վրայ. հա­մա­լի­րի կա­ռու­ցա­պա­տո­ւած տա­րած­քը կ­՚ընդգր­կէ նախ­կին «­Սե­ւան» պան­դո­կէն մին­չեւ Հ.Հ. Գլ­խա­ւոր Դա­տա­խա­զու­թեան շէնք եւ Վազ­գէն Սարգ­սեան փո­ղո­ցէն մին­չեւ Զա­քեան փո­ղո­ցի հա­տո­ւա­ծը: Վար­չա­կան հա­մա­լի­րը բաղ­կա­ցած է եր­կու մաս­նա­շէն­քե­րէ, ո­րոնք ի­րա­րու հետ կա­պո­ւած են ստո­րերկ­րեայ մէկ-յար­կա­նի կա­յա­նա­տե­ղիով: Ան ու­նի ճա­շա­րան, հան­դի­սու­թիւն­նե­րու եւ մա­մու­լի սրահ­ներ: Հա­մա­լի­րը, ո­րուն շի­նա­րա­րու­թիւ­նը սկսած էր 2008ին, նա­խագ­ծած է քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րար Նա­րեկ Սարգ­սեան: