­alt«Նոր Յառաջ».- Կի­րա­կի՝ Դեկ­տեմ­բեր 6ին, Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Սահ­մա­նադ­րա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րու նա­խա­գի­ծին նուիրուած հան­րա­քո­ւէն՝ գիտ­նա­լու հա­մար, թէ ժո­ղո­վուր­դը բա­րե­փո­խում­նե­րուն թե՞ր է, թէ՞ դէմ, այլ խօս­քով՝ «Ա­յո՞», թէ՞ «Ո՛չ»՝ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­ րուն: Օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, քո­ւէար­կու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր առ­մամբ ըն­թա­ցաւ խա­ղաղ մթնո­լոր­տի մէջ, ե­թէ նոյ­նիսկ պա­տա­հե­ցան խախ­տու­մի եւ բռնու­թեան ո­րոշ դէպ­քեր:

Օ­րո­ւան ըն­թաց­քին «­Ժա­ռան­գու­թիւն»ը գան­գա­տած էր, թէ ընտ­րա­կան կարգ մը տե­ղա­մա­սեր ներ­կա­յա­ցած են «­Ժա­ռան­գու­թեան» հետ կապ չու­նե­ցող մար­դիկ՝ պնդե­լով, թէ ի­րենք «­Ժա­ռան­գու­թեան» «վստահուած անձ»երն (պատուի­րակ­ներ) են: Ե­ղած են նաեւ պնդում­ներ, թէ բազ­մա­թիւ ընտ­րող­ներ ծա­նօթ իսկ չէին քուէար­կու­թեան ի­րենց քար­տին վրայ նշո­ւած հաս­ցէին, այլ խօս­քով՝ սկզբուն­քով ի­րենց սե­փա­կան հաս­ցէին: Ե­րե­կո­յեան հա­սած ա­ռա­ջին ար­դիւնք­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­բար նպաս­տա­ւոր կը թո­ւէին «Ոչ»ին. «Ա­զա­տու­թեան» հրա­պա­րա­կին վրայ, ուր ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րը հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պած էին, Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէ­սեան խօսք առ­նե­լով գրե­թէ յաղ­թա­նա­կի ու­ղերձ մը ու­նե­ցաւ՝ յայ­տա­րա­րե­լով.- «­Մենք գտնւում ենք նոր Հա­յաս­տա­նի կերտ­ման նա­խա­շե­մին»: Բայց յա­ռա­ջա­ցող ժա­մե­րուն, ար­դիւնք­նե­րու փո­փո­խու­թե­նէն ետք, «­Ժա­ռան­գու­թեան» ղե­կա­վա­րը «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռին կը պնդէր, թէ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ընտ­րա­կան կեղ­ծիք­նե­րու ձեռ­նար­կե­ցին եւ ա­տի­կա «պե­տա­կան դա­ւա­ճա­նու­թիւն» է:

Ար­դա­րեւ, յա­ռա­ջա­ցող ժա­մե­րուն հաս­նող նոր ար­դիւնք­նե­րը հետզ­հե­տէ «Ա­յո»ի ի նպաստ էին: Ըստ վեր­ջին տո­ւեալ­նե­րուն, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րէին ընտ­րա­կան 1815 տե­ղա­մա­սե­րու մէջ հա­շո­ւո­ւած քո­ւէ­նե­րու, «Ա­յո»ի ի նպաստ 737.728 կամ 63,99%, իսկ «Ոչ»ի ի նպաստ՝ 366.722 (31,81%) ձայ­ներ հա­շո­ւար­կուած էին: Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով քուէար­կող­նե­րու ընդ­հա­նուր թի­ւը՝ 1.296.368, դժո­ւար էր ե­րե­ւա­կա­յել, թէ ար­դիւն­քը կրնայ փո­խո­ւիլ:

Քո­ւէար­կու­թեան մաս­նակ­ցած է ընտ­րող­նե­րու 50,51%ը

Ըստ Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի հրա­պա­րա­կած տո­ւեալ­նե­րուն՝ քուէար­կու­թեան մաս­նակ­ցած է ընտ­րող­նե­րու 50,51%ը, կամ` 1.296.368 հո­գի: Մաս­նակ­ցու­թեան ա­մէ­նէն բարձր տո­կո­սը ար­ձա­նագ­րո­ւած է Ա­րա­րա­տի մար­զին մէջ՝ 66,33%ով: Իսկ ա­մէ­նէն կրա­ւո­րա­կան­նե­րը ե­ղած են Շի­րա­կի մար­զի եւ Ե­րե­ւա­նի ընտ­րող­նե­րը` հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար 41,28% եւ 45,93%:

Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին հրա­պա­րա­կած տուեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն, հան­րա­քո­ւէին մաս­նակ­ցե­լու ի­րա­ւունք ու­նէր 2.566.730 ընտ­րող:

Ռուս դէ­տե­րը ոչ իսկ մէկ խախ­տում ար­ձա­նագ­րած են

Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ընտ­րա­կան խախ­տում­նե­րու բազ­մա­թիւ պա­րա­գա­ներ ար­ձա­նագ­րո­ւած են եւ ա­նոնց մէկ մասն ալ պաշ­տօ­նա­պէս հաս­տա­տո­ւած է, քո­ւէար­կու­թեան հե­տե­ւող ռուս դէ­տե­րը ոչ մէկ խախ­տում ար­ձա­նագ­րած են: Այս մա­սին յայտ­նած է Ռու­սաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի ղե­կա­վար Վ­լա­տի­միր Չու­րով, որ հան­րա­քո­ւէին առ­թիւ ինք ալ Հա­յաս­տան կը գտնո­ւէր որ­պէս դէտ:

Չու­րով ա­ւել­ցու­ցած է, թէ միայն կազ­մա­կերպ­չա­կան ո­րոշ թե­րու­թիւն­ներ նկա­տած են, օ­րի­նակ, ընտ­րա­կան տե­ղա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ ընտ­րող­ներւ ցան­կե­րը շատ բարձր կա­խո­ւած էին...: