­Կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հա­մա­ձայ­նու­թիւն տո­ւած է «­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­րէնսգր­քում փո­փո­խու­թիւն­ներ եւ լրա­ցում­ներ կա­տա­րե­լու մա­սին» Հա­յաս­տա­նի օ­րէն­քի նա­խա­գի­ծին, ո­րով կը նա­խա­տե­սո­ւի լիո­վին կի­րար­կել բա­րո­յա­կան կամ ոչ-նիւ­թա­կան վնա­սի հա­տուց­ման դրու­թիւ­նը։

Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար Ար­փի­նէ Յով­հան­նի­սեան տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ նա­խա­տե­սած էր ի­րա­ւունք­նե­րու ոչ-ամ­բող­ջա­կան ցանկ, ո­րով կա­րե­լի էր պա­հան­ջել ոչ-նիւ­թա­կան կամ բա­րո­յա­կան վնա­սի հա­տու­ցում: Ա­նոնք էին՝ կեան­քի ի­րա­ւուն­քը, խոշ­տանգ­ման ար­գել­քը, անձ­նա­կան ա­զա­տու­թեան ի­րա­ւուն­քի խախ­տու­մը եւ ա­պօ­րի­նի դա­տա­պարտ­ման իբ­րեւ հե­տե­ւանք կրած ոչ-նիւ­թա­կան վնա­սը:

Նա­խա­րա­րին հա­մա­ձայն՝ այժմ պի­տի ա­ւել­նան նաեւ ար­դար դա­տաքն­նու­թեան, անձ­նա­կան կամ ըն­տա­նե­կան կեան­քը յար­գե­լու, բնա­կա­րա­նի ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան, միտ­քի, խիղ­ճի եւ կրօ­նի ա­զա­տու­թեան, սե­փա­կան կար­ծի­քի ա­զատ ար­տա­յայտ­ման, հա­ւաք­նե­րու եւ միա­ւոր­ման ա­զա­տու­թեան, ի­րա­ւա­կան պաշտ­պա­նու­թեան ար­դիւ­նա­ւէտ մի­ջոց­նե­րու եւ սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րը:

Բա­ցի ատ­կէ, կը նա­խա­տե­սո­ւի կա­տա­րել քա­նի մը այլ կա­րե­ւոր փո­փո­խու­թիւն­ներ եւս՝ հա­տուց­ման չա­փե­րուն վե­րա­բե­րող, եւ ո­րոնք պի­տի հա­մա­պա­տաս­խա­նեն եւ­րո­պա­կան չա­փա­նիշ­նե­րուն: Այս­պի­սով, ըստ կա­ռա­վա­րու­թեան, նա­խա­գի­ծի ըն­դուն­մամբ բա­րո­յա­կան վնա­սի կամ ոչ նիւ­թա­կան վնա­սի հա­տուց­ման դրու­թիւ­նը ամ­բող­ջու­թեամբ պի­տի կի­րար­կո­ւի Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Կա­րե­ւոր նկա­տե­լով ներ­կա­յա­ցո­ւած օ­րի­նա­գի­ծը՝ վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նշած է, որ Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը ի­րենց հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու խախտ­ման պա­րա­գա­յին պի­տի ու­նե­նան բա­րո­յա­կան վնա­սի հա­տու­ցում պա­հան­ջե­լու եւ ստա­նա­լու ա­ւե­լի մեծ կա­րե­լիու­թիւն։