Թալինի, Մարալիկի, Արթիկի, Գիւմրիի, Աշոցքի, Աշտարակի, Ապարանի, Արագածի, Սպիտակի, Ստեփանաւանի, Լոռիի, Թումանեանի, Տաշիրի, Աբովեանի, Հրազդանի, Սեւանի, Գաւառի, Մարտունիի, Եղէգնաձորի, ինչպէս նաեւ՝ Վարդենեաց լեռնանցքի, Դիլիջանի, Իջեւանի, Նոյեմբերեանի, Տաւուշի մէջ Դեկտեմբեր 3ին` ժամը 09:30ի դրութեամբ, ձիւն կը տեղայ: Ինչպէս կը տեղե
կացնէ Հ.Հ. փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը, սաստիկ քամի եւ ցած տեսանելիութիւն է Մարալիկ-Լանջիկ ճանապարհահատուածի, Թալինի, Գիւմրիի, Աշոցքի, Ապարանի, Արագածի, Գաւառի ճանապարհներուն եւ Վարդենեաց լեռնանցքին մէջ: Վարդենեաց լեռնանցքին մէջ նաեւ տեղ-տեղ մերկասառոյց է: Անվտանգ երթեւեկութիւնը ապահովելու նպատակով՝ ճանապարհաշինարարները կը կատարեն ճամբաներու աղով, աւազով մշակման եւ մաքրման աշխատանքներ:
Միջ-պետական եւ հանրապետական նշանակութեան ճամբաները բաց են: Վթարներէ, պատահարներէ եւ խցանումներէ խուսափելու նպատակով՝ Հ.Հ. փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարութիւնը վարորդներուն խորհուրդ կու տայ երթեւեկել բացառապէս ձմեռնային անիւներով: