altԴեկ­տեմ­բե­րի 6ին կա­յա­նա­լիք Հ.Հ. Սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու հան­րա­քո­ւէին ժա­մա­նակ դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէ 18 տե­ղա­կան եւ 6 մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն: Հ.Հ. Կեդ­րո­նա­կան Ընտ­րա­կան Յանձ­նա­ժո­ղո­վի կայ­քը կը տե­ցե­կաց­նէ, որ հան­րա­քո­ւէի ըն­թաց­քին պի­

տի հե­տե­ւին 3006 տե­ղա­կան եւ 116 մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­ներ:

Մաս­նա­ւո­րա­պէս, «Ա­զատ Հա­սա­րա­կու­թեան Հիմ­նարկ» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն ընտ­րու­թեանց ըն­թաց­քը պի­տի հսկէ 728 դի­տորդ, «Թ­րանս­փա­րըն­սի Ին­թեր­նէյ­շը­նըլ» հա­կա­կա­շա­ռա­կե­րու­թեան կեդ­րո­նէն` 435, «­Հայք» կազ­մա­կեր­պու­թե­նէն` 417, «­Գե­ղա­մայ Ե­րի­տա­սար­դա­կան Տա­րած­քա­յին Ըն­կե­րակ­ցու­թե­նէն»` 404, «­Հա­յաս­տա­նի Հել­սին­կեան Կո­մի­տէ»էն` 88 դի­տորդ եւ այլն: Ա.Պ.Հ. դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան 44, Ա.Պ.Հ. միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վի 23, օ­տա­րերկ­րեայ Կ.Ը.Յ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու 33, ԵԽԽՎ 11, ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ 5 դի­տորդ­ներն ու Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­ւա­տար­մագ­րո­ւած դես­պա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը հան­րա­քո­ւէին ըն­թաց­քին պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն դի­տոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն: