Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեան, Երկուշաբթի՝ Նոյեմբեր 30ին, Հանրապետութենէն թարմ պտուղ-բանջարեղէն արտածող շուրջ 20 ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ անհատ ձեռներէցներու հետ խորհրդակցական ժողով մը գումարած է: Նախարարը ընկերութիւն ներուն թելադրած է աւելցնել դէպի Ռուսաստան արտածումներու ծաւալները:
Հանդիպումին նպատակը եղած է քննարկել, Ռուսաստանի կողմէ թրքական ապրանքներուն նկատմամբ սահմանուած արգելքի պայմաններուն մէջ, հայկական արտադրութեանց արտածումը աւելցնելու կարելիութիւնները:
«Այսօր պաշտօնապէս հրապարակուել է այն գիւղատնտեսական մթերքների ցանկը, որը Ռուսաստանի Դաշնութիւնը արգելել է ներկրել Թուրքիայից։ Սրանով նոր հնարաւորութիւններ են ստեղծւում տեղական արտադրողների համար աւելացնելու դէպի ռուսաստանեան շուկայ իրենց գիւղատնտեսական արտադրանքը, այդ թւում՝ պտուղ-բանջարեղէնի արտահանման ծաւալները»,- նշած է նախարար Կարապետեան: Ըստ նախարարին, այժմ հանրապետութիւնը ունի բաւարար քանակութեամբ թարմ պտուղ-բանջարեղէն, ինչպէս` խաղող, խնձոր, կաղամբ, ծաղկակաղամբ, բազուկ, հողկիթ, ստեպղին, նաեւ ջերմոցային արտադրանք, զորս կարելի է արտածել ռուսական շուկայ: Ան ընդգծած է նաեւ, որ հայ արտադրողները ունին արտածուող գիւղամթերքի ծաւալները աւելցնելու կարելիութիւն եւ յանձնարարած է այս ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանքներու ձեռնարկել: