altՀա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջեւ, ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծի­րին մէջ, 30 Նո­յեմ­բե­րին Յու­նաս­տան այ­ցե­լած է Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան պաշտ­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վար­չու­թեան պետ

Լե­ւոն Այ­վա­զեա­նի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը:

Այ­ցե­լու­թեան ծի­րին մէջ Լե­ւոն Այ­վա­զեան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած է Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան գլխա­ւոր ղե­կա­վար­ման մար­մի­նի ռազ­մա­վա­րու­թեան եւ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան բա­ժան­մուն­քի տնօ­րէն Եոան­նիս Փաւ­լո­փու­լո­սի եւ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վար­չու­թեան պետ, ջո­կա­տի զօ­րա­վար Միլ­թիա­տիս Կ­րի­լա­քի­սի հետ: Հան­դի­պում­նե­րու ըն­թաց­քին քննար­կո­ւած են Հա­յաս­տա­նի եւ Յու­նաս­տա­նի մի­ջեւ ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման եւ խո­րաց­ման, տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րող եւ երկ­կողմ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող այլ հար­ցեր:

Այ­ցե­լու­թեան իբ­րեւ ար­դիւնք ստո­րագ­րո­ւած է Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան եւ Յու­նաս­տա­նի ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան մի­ջեւ ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան 2016 թո­ւա­կա­նի ծրա­գի­րը: