altՌու­սա­կան Զէն­քի Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա­ռեւ­տու­րի վեր­լու­ծու­թեան կեդ­րո­նի նոր հրա­պա­րա­կած զե­կոյ­ցը կը յայտ­նէ, որ Հա­յաս­տան 2015-16ին, Ռու­սաս­տա­նի օգ­նու­թեամբ, պի­տի ար­դիա­կա­նաց­նէ զե­նի­թահըր­թի­ռա­յին իր Ս-125 հա­մա­կար­գե­րը մին­չեւ Ս-125 «­Բե­չո­րա-2մ» մա­կար­դա­կի։ Այս մա­սին կը յայտ­նէ Razm.Info: Այս

մա­սին հա­մա­պա­տաս­խան հա­մա­ձայ­նու­թեան ե­կած են 2013 թո­ւա­կա­նին: Ար­դիա­կա­նաց­ման հա­մար, ըստ վեր­լու­ծա­կան կեդ­րո­նի գնա­հա­տա­կա­նին, Հա­յաս­տան պի­տի վճա­րէ 60 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար:

Ս-125ի հա­մե­մատ Ս-125 «­Բե­չո­րա-2մ»ն ու­նի էա­պէս ա­ւե­լի բարձր մար­տա­վա­րա­կան-ճար­տա­րա­գի­տա­կան յատ­կա­նիշ­ներ: Բա­րե­լա­ւո­ւած են բո­լոր կա­րե­ւո­րա­գոյն յատ­կա­նիշ­նե­րը. հե­ռա­հա­րու­թիւ­նը, ա­ռա­ւե­լա­գոյն բարձ­րու­թիւ­նը, թի­րա­խի խոց­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը, խան­գա­րում­նե­րէն պաշտ­պա­նո­ւա­ծու­թեան աս­տի­ճա­նը եւ այլն:

Ար­դիա­կա­նա­ցո­ւած տար­բե­րա­կը ու­նակ է օ­դա­յին թի­րախ­ներ հա­րո­ւա­ծե­լու մին­չեւ 27 քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, ի դէպ ա­նի­կա ա­ւե­լի դի­պուկ կը խո­ցէ ցած բարձ­րու­թեան վրայ թռչող սար­քե­րը:

Ս-125 «­Բե­չո­րա-2մ» կրնայ ու­նե­նալ ինչ­պէս շար­ժա­կան, այն­պէս ալ ինք­նագ­նաց տար­բե­րակ­ներ, ա­նի­կա 2 ան­գամ ա­ւե­լի շատ ար­ձակ­ման կա­յան ու­նի (Ս-125ի 4ի փո­խա­րէն 8 հատ): Հա­մա­լի­րը օժ­տուած է ռա­տիո­ճար­տա­րա­գի­տա­կան պաշտ­պա­նու­թեան հա­մա­կար­գով: