Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի պատ­մու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն Ա­շոտ Մել­քո­նեան խոր­հուրդ կու տայ չո­գե­ւո­րո­ւիլ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նող օ­րի­նա­գի­ծը Ռու­սիոյ Պետ­դու­մա ներ­կա­յաց­նե­լու քայ­լով:

«­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ տար­բեր ո­րո­շում­նե­րի, յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րի, օ­րի­նագ­ծե­րի վե­րա­բե­րեալ խան­դա­վառ չեմ այն ի­մաս­տով, որ հա­տուց­ման հաս­նե­լու ճա­նա­պար­հին նպա­տա­կա­յին ա­ռու­մով մեզ հա­մար օգ­տա­կար չեն»,- Panorama.amի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին իր կար­ծի­քը այս­պէս բա­նա­ձե­ւած է Ա­շոտ Մել­քո­նեան: Ան նկա­տել տո­ւած է, որ վեր­ջին 50 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ա­ւե­լի քան 25 եր­կիր ճանչ­ցած ու դա­տա­պար­տած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի տե­սան­կիւ­նէ Փե­րին­չեն­քի դա­տա­վա­րու­թիւ­նը ա­պա­ցու­ցեց, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտման քրէա­կա­նա­ցու­մը կրնայ ո­րե­ւէ ար­դիւն­քի չյան­գեց­նել: «­Մեր նպա­տա­կը ոչ թէ այս կամ այն երկ­րում օտա­րերկ­րա­ցու յայ­տա­րա­րու­թիւնն է, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ե­ղե՞լ է, թէ ոչ, օ­րէն­քի ու­ժով նրան կը դա­տե՞ն, թէ ոչ, այլ մեր նպա­տա­կը հա­տուց­ման հաս­նելն է: Այս տե­սան­կիւ­նից՝ Պետ­դու­մա­յի ո­րո­շու­մը կա­պո­ւած է միայն օ­դա­նա­ւի պատ­մու­թեան հետ: Ցա­ւօք սրտի, մեր բա­րե­կամ ռուս­նե­րը միայն այդ դէպ­քից յե­տոյ յի­շե­ցին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէա­կա­նաց­նե­լու մա­սին: Դա ի­րենց գործն է, հո­գու պարտք ե­թէ ու­նեն տա­լու, կա­րող են ըն­դու­նել, բայց դրա­նով ո­գե­ւո­րո­ւել պէտք չէ, պէտք չէ չա­փից շատ այն խրա­խու­սել, մա­նա­ւանդ որ մենք դրա նա­խա­դէպն ու­նենք»,- ը­սած է Մել­քո­նեան: Հիմ­նար­կի ղե­կա­վա­րին խօս­քով՝ ե­թէ նպա­տա­կը ար­դար է ու ան­կեղծ, ա­պա Ռու­սիա կրնար ա­ւե­լի շուտ այդ քայ­լին եր­թալ, օ­րի­նակ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցի նա­խօ­րեա­կին: «­Դա ինձ յի­շեց­նում է այն պատ­մու­թիւ­նը, որ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի նա­խօ­րեա­կին ռուս­նե­րը յի­շե­ցին հա­յե­րի հետ ի­րենց հա­րիւ­րա­մեայ զի­նակ­ցու­թիւ­նը եւ ըստ այդմ էլ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցին»,- ը­սած է ան:

Յի­շեց­նենք, որ Ռու­սիա Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ժխտե­լու հա­մար կրնայ սահ­մա­նել ե­րե­քէն հինգ տա­րո­ւան ա­զա­տազր­կում: