Ըստ Armenpress.amի՝ այս մասին «Հայաստան ցոյց կու տայ Եւրոպայի, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ընդունիլ փախստականները» խորագրով իր յօդուածին մէջ, գրած է «Հայաստանի Եւրոպական Բա րեկամներ» կազմակերպութեան նախագահ Էդուարդօ Լորենցօ Օչոան:
Ան ներկայացուցած է, որ սուրիական հակամարտութեան ամենասկիզբէն Հայաստան ժամանած է 17 հազար սուրիացի:
Եւ թէեւ անոնց զգալի մասը սուրիահայեր էին, այդուհանդերձ եկածներու շարքին կային ասորիներ ու եզտիներ, որոնց համար եւս Հայաստանը տուն դարձաւ: Պատահական չէ, որ Եւրոպայի մէջ Հայաստան երրորդն է, որ ընդունած է սուրիացի փախստականները:
Ի տարբերութիւն Լիբանանի, Թուրքիոյ կամ Յորդանանի` Հայաստան Եւրոմիութենէն չստացաւ նիւթական զգալի աջակցութիւն այս փախստականները ընդունելու համար: Այդուհանդերձ սփիւռքի նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «եթէ փախստականները որոշած են գալ Հայաստան, մեր պետութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու եւ հայկական կառոյցներու հետ պիտի ընէ առաւելագոյնը՝ զանոնք ընդունելու համար»:
«Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Իսլամական Պետութեան կազմակերպած կոտորածները յիշեցուցին հայերուն սեփական պատմութիւնը: Շատ սուրիացիներ, որոնք եկան Հայաստան, իրականութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներու ժառանգորդներն էին, եւ շատ հայեր բարոյական պատասխանատւութիւն զգացին` ապահովելու զանոնք անվտանգ ապաստարանով:
Ասիկա նաեւ կը բացատրէ այն հանգամանքը, թէ ինչո՞ւ եզտիներուն, որոնք իրենց հայրենական հողերուն վրայ ոչնչացման կ՝ենթարկուին, այստեղ գրկաբաց կ՝ընդունին»,- նշած է Օչոան` աւելցնելով, որ թէեւ Եւրոմիութեան պետութիւնները համաձայնութեան կու գան եւրոպական արժէքներու եւ սկզբունքներու հարցով, տարբեր կերպ կ՝ընկալեն գործնականի մէջ անոնց կիրառութիւնը: Եւ ատիկա առաւել ակնյայտ ընդգծուեցաւ փախստականներու վերջին հոսքին ժամանակ:
Այս տարիներուն փախստականներու նկատմամբ դրսեւորած դիրքորոշմամբ Հայաստան ցոյց տուաւ, որ եւրոպական արժէքները անկեղծօրէն կիսող պետութիւն է: Օչոայի համոզումով` ատոր ապացոյցը այն էր, թէ ինչպէ՞ս հայերը Փարիզի ահաբեկչութենէն ետք անմիջապէս հաւաքուեցան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ` սգալու զոհերու յիշատակն ու դատապարտելու կատարուածը:
«Շարլ Ազնաւուր, որուն ծնողները Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք գաղթած էին Եւրոպա, ըսած է, որ ինք «մշտապէս կը կանգնի անոնց կողքին, որոնք դռները կը թակեն, եւ ոչ թէ անոնց կողքին, որոնք կը փակեն զանոնք»:
Ես կը հաւատամ, որ այս խօսքերը կ՝արտացոլան այն ապրումները, որ ունին շատ հայեր եւ եւրոպացիներ, որոնք կը բախին այն մարդոց կերպարին, որոնք կը փախչին պատերազմէ` փորձելով փրկել սեփական կեանքը:
Ասոնք են այն եւրոպական արժէքները, որոնք կը միաւորեն մեզ՝ Իրլանտայի ժայռերէն մինչեւ Հայաստանի սարերը»,- եզրափակած է Օչոան՝ իր յօդուածը: