altՀ.Յ.Դ. «­Նի­կոլ Աղ­բա­լեան» Ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւ­նը 25 տա­րե­կան է: 1990ա­կան­նե­րու դժո­ւար տա­րի­նե­րուն ստեղ­ծո­ւած, այդ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն մէ­ջէն ան­ցած եւ զա­նոնք պա­տո­ւով յաղ­թա­հա­րած միու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ու­սա­նող­նե­րու նո­րա­նոր սե­րունդ­ներ ըն­դու­նիլ իր շար­քե­րուն մէջ, հա­մախմ­բել ու դաս­տիա­րա­կել զա­նոնք:

Այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով նշո­ւե­ցաւ միու­թեան 25ա­մեա­կը, իսկ 25 Նո­յեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցաւ եզ­րա­փա­կիչ ձեռ­նար­կը:

Մոս­կո­ւա­յի Հայ Դա­տի գրա­սե­նեա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Եու­րի Նա­ւո­յեան, 25 տա­րո­ւան ան­ցեալ ու­նե­ցող ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան տա­րի­նե­րը, մեծ հա­ճոյ­քով ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ կը յի­շէ: 1990 թո­ւա­կա­նին ապ­րող ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հա­սակ նե­տեց պա­տե­րազ­մի եւ ազ­գա­յին զար­թօն­քի պայ­ման­նե­րուն մէջ: Ան կը յի­շէ, թէ ինչ­պէ՛ս խումբ մը դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րով, դա­սե­րէն ետք, կը հա­մախմ­բո­ւէին հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ եւ կը փոր­ձէին գտնել այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ա­մէ­նէն հրա­տապ հար­ցե­րուն պա­տաս­խան­նե­րը: Ա­նոնք լա­ւա­պէս կը գի­տակ­ցէին, որ կայ ու­սա­նո­ղու­թիւ­նը հա­մախմ­բե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն, եւ ճիշդ այդ նպա­տա­կով ալ ո­րո­շե­ցին հիմ­նել այդ տա­րի­նե­րու ա­ռա­ջին ու­սա­նո­ղա­կան կա­ռոյ­ցը` Նի­կոլ Աղ­բա­լեան ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւ­նը: Այդ տա­րի­նե­րէն սկսեալ կա­ռոյ­ցին ան­դա­մակ­ցող ու­սա­նող­նե­րը դար­ձան ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րուն կառ­չած, պա­հան­ջա­տէր, ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րով ապ­րող ե­րի­տա­սար­դու­թեան մարմ­նա­ւո­րու­մը: Միու­թեան ան­դամ բազ­մա­թիւ ու­սա­նող­ներ գրի­չը փո­խա­րի­նե­ցին զէն­քով եւ մեկ­նե­ցան ճա­կատ:

Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ Մար­գա­րեան այս ա­ռի­թով ը­սաւ, որ ու­սա­նո­ղու­թիւ­նը յա­տուկ կար­գա­վի­ճակ եւ ար­տօ­նու­թիւն­ներ ու­նի:

«­Մենք կա­րե­ւոր կը նկա­տենք մեր ու­սա­նո­ղու­թեան դե­րը մեր ժո­ղո­վուր­դի, մաս­նա­ւո­րա­պէս Դաշ­նակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան մէջ: Գի­տակ­ցա­բար այդ ար­տօ­նու­թիւ­նը տո­ւած ենք ե­րի­տա­սար­դու­թեան, ո­րով­հե­տեւ մեր կազ­մա­ւոր­ման ա­ռա­ջին օ­րէն ե­ղած է յա­ռաջ­դի­մա­կան ուժ, իսկ հա­սա­րա­կու­թեան մէջ ա­մէ­նէն յա­ռաջ­դի­մա­կան ու­ժը ե­ղած է ու­սա­նո­ղու­թիւ­նը»,- հաս­տա­տեց ան: Կա­ռոյ­ցի ան­դամ բազ­մա­թիւ ու­սա­նող­ներ ի­րենց կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րե­ցին յա­նուն մեր այ­սօ­րո­ւան ան­կա­խու­թեան, բազ­մա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­ներ դար­ձան Հայ Դա­տի ջա­հա­կիր­նե­րը, պայ­քա­րե­ցան հա­ւա­սա­րու­թեան, ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար: Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը յոր­դո­րեց չսահ­մա­նա­փա­կո­ւիլ այս­քա­նով:

«Ե­ղած է ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը, երբ շատ սուր ե­ղած է ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան հա­մար, պայ­ման­նե­րը այդ­պէս ե­ղած են, բայց կ­՛ու­զեմ, որ շա­րու­նա­կէք պայ­ման­ներ փո­խել, ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն վրայ ազ­դել»,- կոչ ուղ­ղեց Հ­րանդ Մար­գա­րեան: