Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան Ծա­ռա­յու­թիւ­նը (Ա.Ա.Ծ.) ձեր­բա­կա­լած է Նո­յեմ­բեր 25ին վնա­սա­զեր­ծո­ւած յան­ցա­ւոր խում­բի 21 ան­դամ­ներ: Ա­նոնց նկատ­մամբ մե­ղադ­րանք­ներ ա­ռա­ջադ­րո­ւած են «բա­ւա­րար ա­պա­ցոյց­նե­րու հա­մակ­ցու­թեան հի­ման վրայ»: Այս մա­սին «Ար­մենփ­րես»ի մա­մու­լի սրա­հին մէջ յայ­

տա­րա­րած է Ա.Ա.Ծ. քննչա­կան վար­չու­թեան պե­տի տե­ղա­կալ Մի­քա­յէլ Համ­բար­ձու­մեան:

«Ա­նոնց նկատ­մամբ առ­կայ է հիմ­նա­ւոր կաս­կած: Մենք միջ­նոր­դու­թիւն ենք ներ­կա­յաց­նե­լու այդ ան­ձանց նկատ­մամբ՝ որ­պէս խա­փան­ման մի­ջոց կա­լանք կի­րա­ռե­լու հա­մար, սա­կայն այդ ան­ձանց մե­ղա­ւո­րու­թեան հար­ցը դա­տա­րա­նի գործն է եւ վեր­ջա­կէ­տը կը դրո­ւի դա­տա­րա­նում: Նա­խաքննու­թեան այս փու­լում մենք պէտք է քննու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նենք, ար­դիւնք­նե­րը ի մի կը բե­րո­ւեն եւ նրանց գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րին կը տրո­ւեն քրէաի­րա­ւա­կան գնա­հա­տա­կան­ներ»,- ը­սած է Մ. Համ­բար­ձու­մեան:

Ա.Ա.Ծ. քննչա­կան վար­չու­թեան պե­տի տե­ղա­կա­լը շեշ­տած է, որ խում­բին ան­դամ­նե­րուն բաժնուած են հե­ռա­խօ­սա­հա­մար­ներ, ո­րոնք գաղտ­նի ե­ղած են, եւ ա­նոնք կրցած են խօ­սիլ ի­րա­րու հետ: «Վ­նա­սա­զեր­ծո­ւել է խումբ, որն ու­նե­ցել է յստակ նպա­տակ­ներ, ու­նե­ցել է յստակ մշա­կո­ւած ծրագ­րեր: Ընտ­րո­ւած են ե­ղել յան­ցա­գոր­ծու­թեան թի­րախ­ներն ու կա­տար­ման ե­ղա­նակ­նե­րը: Հաս­կա­նա­լի պատ­ճառ­նե­րով այս պա­հի դրու­թեամբ չեմ կա­րող ման­րակր­կիտ ա­սել, թէ ո՞ւմ դէմ ի՞նչ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ են ծրագ­րո­ւած ե­ղել: Ն­րանց կազ­մա­կեր­պո­ւած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը մի­տո­ւած են ե­ղել քա­ղա­քա­ցի­նե­րի, պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան ան­ձանց, իշ­խա­նու­թեան ա­ռան­ձին ճիւ­ղե­րի ու պե­տա­կան ա­ռան­ձին մար­մին­նե­րի դէմ»,- ը­սած է Ա.Ա.Ծ. պե­տի տե­ղա­կա­լը:

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին Անվտան­գու­թեան Ծա­ռա­յու­թեան մար­մին­նե­րու ­կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած քննչա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ար­դիւն­քով՝ բա­ցա­յայ­տո­ւած է կազ­մա­կերպուած յան­ցա­ւոր խմբակ­ցու­թիւն, որ նպա­տակ հե­տապն­դած է Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին կազ­մա­կեր­պե­լու շարք մը ծանր յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ: 2015 թո­ւա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի, Ե­րե­ւա­նի նախ­կին բնա­կիչ, ար­տա­սահ­ման բնա­կող Ար­թուր Վար­դա­նեան գա­լով Հա­յաս­տան, ստեղ­ծած եւ ղե­կա­վա­րած է յան­ցա­ւոր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն: Նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեամբ, կազ­մա­կերպուած խում­բին կող­մէ ա­պօ­րի­նա­բար ձեռք­բե­րո­ւած է մեծ քա­նա­կու­թեամբ զէնք եւ ռազ­մամ­թերք, ո­րոնք պա­հո­ւած են Ե­րե­ւան քա­ղա­քի Նորք թա­ղա­մա­սի այդ նպա­տա­կով վար­ձու առ­նուած ա­ռանձ­նա­տան մէջ: Նո­յեմ­բե­րի 25ին Ոս­տի­կա­նու­թեան հետ հա­մա­տեղ խու­զար­կու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին յայտ­նա­բե­րո­ւած էին տար­բեր տե­սա­կի ինք­նա­ձիգ­ներ, ատր­ճա­նակ­ներ, նռնա­կա­նե­տեր,նռնակ­ներ, պայ­թու­ցիկ նիւ­թեր եւ պայ­թու­ցիկ սար­քեր, կա­պի մի­ջոց­ներ, փամ­փուշտ­ներ, փամփշ­տա­կալ­ներ, ռազ­մա­կան հան­դեր­ձանք, ո­րոնց մէջ՝ զրա­հա­բաճ­կոն­ներ: Խու­զար­կու­թեան պա­հուն ա­ռանձ­նա­տան մէջ, Ար­թուր Վար­դա­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, հա­ւա­քո­ւած ե­ղած են յան­ցա­ւոր խմբակ­ցու­թեան 9 ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք ձեր­բա­կա­լո­ւած են: