altՆո­յեմ­բեր 25ին, Ե­րե­ւա­նի Ա­ւա­գա­նիի հեր­թա­կան նիս­տին յա­ջոր­դած ար­տա­հերթ նիս­տի ժա­մա­նակ, Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ ­Տա­րօն ­Մար­գա­րեան նշած է, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի բա­ցո­ւի Ի­րի­նա ­Ռոտ­նի­նա­յի գե­ղա­սահ­քի մար­զադպ­րո­ցը: Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տը տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ Ա­ւա­գա­նիի ան­դամ­նե­րու քննարկ­ ման ներ­կա­յա­ցո­ւած է «Ե­րե­ւա­նի գե­ղա­սահ­քի եւ տա­փօ­ղա­կով հո­քէ­յի ման­կա­պա­տա­նե­կան մար­զադպ­րոց» հա­մայն­քա­յին ոչ-ա­ռեւտ­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը «Ի­րի­նա ­Ռոտ­նի­նա­յի գե­ղա­սահ­քի մար­զադպ­րոց» (ՀՈԱԿ) ա­նո­ւա­նա­փո­խե­լու մա­սին ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծը: ­Ներ­կա­յաց­նե­լով ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծի ըն­դուն­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը` քա­ղա­քա­պե­տի տե­ղա­կալ Ա­րամ ­Սու­քիա­սեան մաս­նա­ւո­րա­պէս նշած է, որ «­Բա­րե­կե­ցու­թիւն» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մը, որ կը հան­դի­սա­նայ ­Ծո­վա­կալ Ի­սա­կո­վի պո­ղո­տա­յի 27/10 հաս­ցէին վրայ կա­ռուցուած նոր մար­զադպ­րո­ցի շի­նա­րա­րու­թեան պա­տո­ւի­րա­տուն, սոյն խնդրան­քով դի­մած է Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տին` յատ­կան­շե­լով, որ գե­ղա­սահ­քի ո­ղիմ­պիա­կան ե­ռա­կի, աշ­խար­հի ու Եւ­րո­պա­յի բազ­մա­կի ա­խո­յեան Ի­րի­նա ­Ռոտ­նի­նան իր ան­մի­ջա­կան աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցած է գե­ղա­սահ­քի դպրո­ցի կա­ռուց­ման գա­ղա­փա­րը կեան­քի կո­չե­լու հար­ցով: ­Բա­ցի այդ, ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծի ներ­կա­յաց­ման հա­մար հիմք ծա­ռա­յած է նաեւ այն հան­գա­ման­քը, որ Ի­րի­նա ­Ռոտ­նի­նան իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նած է մար­զադպ­րո­ցը շա­հա­գործ­ման յանձ­նե­լէ յե­տոյ գոր­ծուն ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել հայ­կա­կան գե­ղա­սահ­քի զար­գաց­ման գոր­ծին: