­altՀա­յաս­տա­նի եւ ­Սեր­պիոյ պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­ներ ­Սէյ­րան Օ­հա­նեան ու Պ­րա­թիս­լաւ ­Կա­շիչ, զի­նո­ւո­րա­կան մար­զին վե­րա­բե­րեալ, ստո­

րագ­րած են հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր, որ հիմք պի­տի ծա­ռա­յէ 2016 թո­ւա­կա­նէն սկսեալ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ զի­նո­ւո­րա­կան մար­զէն ներս ա­ւե­լի աշ­խոյժհա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան:

­Յու­շա­գի­րի ստո­րագ­րու­թե­նէն ետք տե­ղի ու­նե­ցած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սէյ­րան Օ­հա­նեան յայտ­նած է, որ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ քա­նի մը ուղ­ղու­թեամբ` զի­նո­ւո­րա­կան ի­րա­ւա­գի­տու­թիւն, զի­նո­ւո­րա­կան կրթու­թիւն, բժշկու­թիւն եւ խա­ղա­ղա­պա­հու­թիւն: «­Մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ կրնանք այլ մար­զեր եւս ընտ­րել եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նել»,- յայտ­նած է Օ­հա­նեան` ա­ւելց­նե­լով, որ իր սերպ պաշ­տօ­նա­կի­ցին հետ քննար­կած են նաեւ մի­ջազ­գա­յին ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րին առն­չո­ւող հար­ցեր: «­Շատ կա­րե­ւոր քննար­կում ու­նե­ցանք, ար­դիա­կան հար­ցե­րու շուրջ միտ­քեր փո­խա­նա­կե­ցինք, խօ­սե­ցանք ա­պա­գայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին»,- յայտ­նած է ­Կա­շիչ` ա­ւելց­նե­լով, որ ինք ­Սեր­պիոյ պաշտ­պա­նու­թեան ա­ռա­ջին նա­խա­րարն է, որ ­Հա­յաս­տան կ­՛այ­ցե­լէ: