altՀ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան 25 ­Նո­յեմ­բե­րին աշ­խա­տան­քա­յին քննար­կում ու­նե­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան ­Ծա­ռա­յու­թեան (Ա.Ա.Ծ.) եւ ոս­տի­կա­նու­թեան ղե­կա­վար­նե­րուն հետ` ի­րա­ւա­պահ այս կա­ռոյց­նե­րու ի­րա­ւա­սու­թեանց վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու շուրջ: Ա.Ա.Ծ. տնօ­րէ­նի եւ ոս­ տի­կա­նու­թեան պե­տի զե­կու­ցում­նե­րուն գծով երկ­րի ղե­կա­վա­րը նշած է, որ ներ­կա­յիս աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան զար­գա­ցում­նե­րը կը ստի­պեն խստաց­նել ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն եւ երկ­րին մէջ գտնո­ւող իւ­րա­քան­չիւր ան­ձի անվ­տան­գու­թեան ա­պա­հով­ման վե­րա­բե­րող մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը:

«Այս գոր­ծե­րը նախ եւ ա­ռաջ պէտք է կրեն, ան­շուշտ, կան­խար­գե­լիչ բնոյթ եւ ո­րե­ւէ կեր­պով պի­տի չխա­թա­րեն մեր երկ­րի բնա­կա­նոն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ու, բնա­կա­նա­բար, ո­րե­ւէ սահ­մա­նա­փա­կում պէտք չէ ըլ­լայ մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հա­մար: Այս ա­ռու­մով, ան­շուշտ, էա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ար­հես­տա­վար­ժու­թիւ­նը բո­լոր այն մար­դոց, ո­րոնք ներգրաւուած են այս մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման գոր­ծին մէջ: Ես կաս­կած չու­նիմ, որ մենք ու­նինք հա­մա­պա­տաս­խան մաս­նա­գէտ­ներ, հա­մա­պա­տաս­խան մար­դիկ, ո­րոնք ի­րենք զի­րենք նո­ւի­րած են այդ գոր­ծին` մեր երկ­րին մէջ անվտան­գու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու գոր­ծին, եւ ա­նոնք պա­տո­ւով կը կա­տա­րեն ի­րենց աշ­խա­տան­քը»,- յայտ­նած է նա­խա­գա­հը, եւ ը­սո­ւա­ծին իբ­րեւ վառ ա­պա­ցոյց մատ­նան­շած է 25 ­Նո­յեմ­բե­րի գի­շե­րը տե­ղի ու­նե­ցած գոր­ծո­ղու­թիւ­նը: «­Մենք տա­րի­նե­րու քրտնա­ջան աշ­խա­տան­քով` նշածս մար­դոց քրտնա­ջան աշ­խա­տան­քով, դասուած ենք աշ­խար­հի ա­մէ­նէն անվտանգ եր­կիր­նե­րու շար­քին, եւ ­Հա­յաս­տա­նը պէ՛տք է մնայ աշ­խար­հի ա­մէ­նէն անվ­տանգ եր­կիր­նե­րու շար­քին: ­Մեր երկ­րին մէջ պէտք չէ տե­ղի ու­նե­նայ ի­րա­դար­ձու­թիւն, որ կրնայ խա­թա­րել երկ­րին հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը, վստա­հա­բար նաեւ` այս մար­զին մէջ»,- եզ­րա­փա­կած է նա­խա­գահ ­Սարգ­սեան: