Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու հրաւէրով՝ Նոյեմբեր 25ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ իր աշխատանքը սկսած է Եւրոպայի Եկեղեցիներու Համագումարի (Ե.Ե.Հ.) ղեկավար մարմնի եռօրեայ ժողովը:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական գրասենեակի փոխանցած տեղեկութիւններով` Ե.Ե.Հ. ժողովը բացուած է Նոյեմբեր 25ին Մայր Աթոռի Ս. Վարդան եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մատուռին մէջ կազմակերպուած էքիւմենիք աղօթքի արարողութեամբ: Արարողութիւնը առաջնորդած է Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան գլխաւոր քարտուղար Եզնիկ Արք. Պետրոսեան:
Այնուհետեւ, Մայր Աթոռի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ, տեղի ունեցած է առաջին նիստը, որու ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անունով ողջոյնի խօսք ըսած է Մայր Աթոռի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան Արք. Յովհաննիսեան:
Նաթան Սրբազանը, կարեւոր համարելով ժողովականներու մէկտեղումը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, ի մասնաւորի խօսած է պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին բաժին հասած դժուարութիւններու, մարտահրաւէրներու եւ կրած հալածանքներու մասին: Սրբազանը ընդգծած է, որ հայոց ազգը քրիստոնէական հաւատքով կրցաւ յաղթահարել այդ ամէնը եւ պահպանել իր քրիստոնէական ինքնութիւնն ու արժէքները: