­alt«­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Գ­րա­պա­լատ»ի հայ­կա­կան տա­ռա­տե­սակ­նե­րու մշակ­ման եւ պահ­պան­ման բա­ժի­նը վեր­ջին եօ­թը տա­րի­նե­րուն ստեղ­ծած է հայ­կա­կան 26 տա­ռա­տե­սակ: «­Փա­նո­րա­մա»ի հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին այս մա­սին յայտ­նած է «Գ­րա­պա­լատ»ի հայ­կա­կան տա­ռա­տե­սակ­նե­րու մշակ­ման եւ պահ­պան­ման բա­ժի­նի վա­րիչ Է­դիկ ­Ղա­բու­զեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ 26 տա­ռա­տե­սակ­ներն ալ «եու­նի­քոտ» հա­մա­կար­գին մէջ մշակուած են, կա­րե­լի է զա­նոնք օգ­տա­գոր­ծել ո­րե­ւէ տպագ­րու­թեան եւ կայ­քի մէջ։ Է­դիկ ­Ղա­բու­զեա­նի հա­մա­ձայն՝ ի­րենք ու­նին յստակ ա­ռա­ջադ­րանք՝ տա­րե­կան ե­րեք տա­ռա­տե­սակ ստեղ­ծել, սա­կայն ի­րենք ա­ւե­լին ը­րած են ու կ­՛ը­նեն.- «Եօ­թը տա­րում 26 տա­ռա­տե­սակ ենք ստեղ­ծել: Այս տա­րո­ւայ ըն­թաց­քում էլ հինգ տա­ռա­տե­սակ ենք ստեղ­ծել»: Ան դի­տել տո­ւած է, որ ա­մէ­նէն կի­րար­կե­լին GHEA Mariam եւ GHEA Grapalat տա­ռա­տե­սակ­ներն են, ո­րոնք ըն­դու­նո­ւած են պե­տա­կան հա­մա­կար­գին մէջ, որ­պէս պար­տա­դիր տա­ռա­տե­սակ­ներ: «­Պե­տա­կան հա­մա­կար­գում ցան­կա­ցած փաս­տաշր­ջա­նա­ռու­թիւն ար­ւում է այդ տա­ռա­տե­սակ­նե­րով, գոր­ծած­ւում են նաեւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան գրա­կա­նու­թիւն տպե­լու հա­մար, գո­վազ­դա­յին պաս­տառ­նե­րի վրայ»,- բա­ցատ­րած է ­Ղա­բու­զեան: