Նոյեմբեր 24ին «Արմենիա» Միջազգային Օդանաւակայաններ» ընկերութիւնը հաղորդած է, որ յաջողութեամբ աւարտած է բանակցութիւնները Քաթարի օդանաւային ընկերութեան՝ «Քաթար Էյրուէյզ»ի հետ: 2016ին ընկերութիւնը պիտի սկսի Տոհա-Երեւան թռիչքներ իրականացնել:
Նշենք, որ վերջին շրջանին բանակցութիւնները աւելի արագ ընթացք ստացան, երբ «Իթթիհատ» ընկերութիւնը յայտարարեց Հայաստանի ուղղութեամբ թռիչքները դադրեցնելու իր մտադրութեան մասին: «Մենք շատ հպարտ ենք, որ Քաթարի Աւիաուղիները, որը երեք տարի անընդմէջ ճանաչուած է Տարուայ Լաւագոյն Աւիաընկերութիւն, ընտրել է Հայաստանը որպէս իր նոր ուղղութիւններից մէկը»,- նշուած է «Արմենիա» Միջազգային Օդանաւակայաններ»ու հաղորդագրութեան մէջ:
«Քաթար Էյրուէյզ»ը Միջին Արեւելքի մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկն է, ունի մեծ ցանց եւ աւելի քան 140 ուղղութիւններով թռիչքներ կը կատարէ։