Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666թ.) 350ամեակը եւ Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817-1900թթ.) ծննդեան 200ամեակը ընդգրկուած են հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու UNESCOի 2016-2017 թուականներու Օրացոյցին մէջ: Այս մասին կը հաղորդեն
Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն։ Որոշումը կայացուած է Փարիզի մէջ` UNESCOի կեդրոնակայանին մէջ, Նոյեմբեր 4-18 տեղի ունեցած Գլխաւոր Խորհրդաժողովի 38րդ նստաշրջանի ընթացքին: Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած «Ոսկան Երեւանցիի տպագրութեամբ հայերէն առաջին Աստուածաշունչի (1666թ.) 350ամեակ»ի յայտը ստացած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան եւ Նիտըրլանտներու Թագաւորութեան աջակցութիւնը, իսկ Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ համատեղ ներկայացուած «Յովհաննէս Այվազովսկիի (1817-1900թթ.) ծննդեան 200ամեակ»ի յայտը` Իտալիոյ Հանրապետութեան աջակցութիւնը: Այսպիսով, 1998 թուականէն առ այսօր հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու UNESCOի Օրացոյցին մէջ ներառուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած 21 յոբելինական տարեթիւ: