Հե­ղի­նա­կա­ւոր GEO ամ­սագ­րի դեկ­տեմ­բե­րեան հա­մա­րի հիմ­նա­կան թե­ման կը վե­րա­բե­րի Հա­յաս­տա­նին:
Յայտ­նի լրագ­րող Տ­միթ­րի Կու­պին, «­Հա­յաս­տան. ա­պա­գա­յի դա­սեր» խո­րա­գի­րը կրող յօ­դո­ւա­ծին մէջ, կը պատ­մէ Հա­յաս­տան կա­տա­րած ճա­նա­պար­հոր­դու­թե­նէն իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րու մա­սին` շեշ­տը յատ­կա­պէս դնե­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նացուող կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու եւ առ­կայ կրթա­կան նե­րու­ժի վրայ։ Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէ «­Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» Հիմ­նադ­րա­մի (IDEA) հան­րա­յին կա­պե­րու բա­ժի­նը:
«­Դա­սա­կան Հա­յաս­տա­նը, ինչ­պէս կը գրէր Օ­սիբ Ման­տելշ­թամ, քա­րէ տա­նիք­նե­րով ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ «խռպոտ օք­րա­յի» գոյ­նի լեռ­նե­րու եր­կի­րը, անս­պա­սե­լիօ­րէն կը դառ­նայ... դպրոց­նե­րու եր­կիր: Ի՞նչ կը սոր­վեց­նեն այն­տեղ. Ա­պա­գան»,- կը գրէ հե­ղի­նա­կը:
Հ­րա­պա­րակ­ման մէջ ան մաս­նա­ւո­րա­պէս կ’անդ­րա­դառ­նայ UWC Դի­լի­ջան քո­լէ­ճին, «­Թու­մօ» Ս­տեղ­ծա­րար Ճար­տա­րա­գի­տու­թիւն­նե­րու Կեդ­րո­նին` եզ­րա­կաց­նե­լով, որ «­Հա­յաս­տա­նը մեզ կը զար­մաց­նէ 25 տա­րի յե­տոյ»:
Ն­շենք, որ «­Հա­յաս­տա­նի Զար­գաց­ման Նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» (IDEA) Հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ռու­սաս­տան­ցի լրագ­րող­նե­րու այ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին ա­նոնք ծա­նօ­թա­ցած էին Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջա­յին հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ Հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ծրա­գիր­նե­րուն: