Լ.Ղ.Հ. Մար­տու­նի քա­ղա­քի բնա­կե­լի նոր թա­ղա­մա­սի կա­ռուց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը կը գտնուին ա­ւար­տա­կան փու­լի մէջ։ Այս մա­սին, ըստ Artsakhpress.amի, նշած է Մար­տու­նիի քա­ղա­քա­պետ Մ­հեր Խա­չատ­րեան եւ ա­ւել­ցու­ցած, որ թա­ղա­մա­սին մէջ ար­դէն աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րո­ւին բա­րե­ կարգ­ման ու շէն­քե­րու ար­տա­քին եւ ներ­քին յար­դար­ման ուղ­ղու­թեամբ:

«Բ­նա­կե­լի նոր թա­ղա­մասն ընդ­հա­նուր առ­մամբ ընդգր­կում է քա­ռա­յարկ չորս շէնք` 92 բնա­կա­րան­նե­րով, ո­րոնք տրա­մադ­րո­ւե­լու են Պ.Բ. զին­ծա­ռա­յող­նե­րի, սո­ցիա­լա­պէս ա­նա­պա­հով եւ բազ­մա­զա­ւակ ըն­տա­նիք­նե­րին, իսկ մի մասն էլ հի­փո­թե­քա­յին վար­կա­ւոր­մամբ է տրո­ւե­լու»,- ը­սած է Մ. Խա­չատրեան: Նո­րա­կա­ռոյց թա­ղա­մա­սի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նող «­Ֆեր­զիտ» Ս.Պ. ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն Ար­թուր Խա­չատ­րեան իր հեր­թին նշած է, որ ըստ նա­խա­գի­ծին՝ պի­տի կա­ռու­ցո­ւի եւս չորս բազ­մաբ­նա­կա­րան շէնք:

«­Նո­րա­կա­ռոյց շէն­քե­րի հա­րե­ւա­նու­թեամբ ար­դէն սկսո­ւել է չորս շէն­քե­րի շի­նա­րա­րու­թիւ­նը. ո­րոնք նոյն­պէս կա­ռու­ցո­ւե­լու են ըստ նոյն նա­խագ­ծի։ Այս պա­հին ակ­տիւ շի­նաշ­խա­տանք­ներ են ըն­թա­նում»,- ը­սած է Ա. Խա­չատ­րեան:

Ն­շենք, որ Մար­տու­նիի մէջ կա­ռու­ցո­ւող նոր բնա­կե­լի թա­ղա­մա­սի աշ­խա­տանք­նե­րը կ­՝ի­րա­կա­նա­ցո­ւին Լ.Ղ.Հ. պե­տա­կան պիւտ­ճէի մի­ջոց­նե­րով: