­Մա­հա­ցած է սի­րո­ւած դե­րա­սա­նու­հի Վար­դու­հի Վար­դե­րե­սեան: Այս մա­սին կը գու­ժեն Հ.Հ. մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թե­նէն՝ նշե­լով, որ դե­րա­սա­նու­հին ե­ղած է վա­տա­ռողջ։ Հո­գե­հանգս­տի եւ յու­ղար­կա­ւո­րու­թեան տե­ղին ու ժա­մին մա­սին տա­կա­ւին յստակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ չկան:

«Այս պա­հին ճշդում­ներ են ար­ւում, քիչ անց բօ­թը կը տե­ղադ­րենք նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան է­ջում»,- յայտ­նած են նա­խա­րա­րու­թե­նէն: Վար­դու­հի Վար­դե­րե­սեան ծնած էր 1928թ. Մարտ 19ին, Ռու­մա­նիոյ մայ­րա­քա­ղաք Պուք­րէ­շի մէջ: Ե­ղած է դե­րա­սան, թա­տե­րա­գէտ Գէորգ Ա­պա­ճեա­նի կի­նը: 1946ի տե­ղա­փո­խո­ւել է Հա­յաս­տան: Ա­ռա­ջին բե­մե­լը ե­ղած է Նու­բա­րա­շէ­նի ինք­նա­գործ թատ­րո­նին մէջ: 1947ին ըն­դու­նուած է Լե­նի­նա­կա­նի Դ­րա­մա­տի­կա­կան թատ­րո­նի կից ա­րո­ւես­տա­նոց եւ նոյն թո­ւա­կա­նէն խա­ղա­ցած է թատ­րո­նի մէջ: 1958 թո­ւին տե­ղա­փո­խո­ւած է Ե­րե­ւա­նի Սուն­դու­կեա­նի ա­նո­ւան թատ­րոն:

Կեր­տած է բազ­մա­թիւ դե­րեր թատ­րո­նի մէջ.- Շիր­վան­զա­դէի «­Պա­տո­ւի հա­մար»` Մար­գա­րիտ, Չե­խո­վի «­Բա­լե­նու այ­գի»` Ռա­նեւս­գա­յա, Տիւ­րեն­մա­թի «­Ծեր տիկ­նոջ այ­ցը»` Ք­լե­րի Ցախ­նա­սեան, Սա­րո­յեա­նի «Իմ սիր­տը լեռ­նե­րում է»` Ճո­նի, Շան­թի «­Հին աս­տո­ւած­նե­րը»` Իշ­խա­նու­հի եւ այլն: Խա­ղա­ցած է նաեւ ա­րեւմ­տա­հայ դե­րե­րու մէջ.- «­Պաղ­դա­սար Աղ­բար»` Ա­նոյշ եւ այլն: Ն­կա­րա­հա­նո­ւած է «­Պա­տո­ւի հա­մար», «­Մօր սիր­տը», «­Ճա­նա­պարհ դէ­պի կրկէս», «­Հայ­րիկ», «­Կա­րի­նէ» եւ այլ շար­ժան­կար­նե­րու մէջ:

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ռա­տիո­յի ոս­կէ ֆոն­տին մէջ ու­նի ա­ւե­լի քան 100 ձայ­նագ­րու­թիւն: 1958էն նկա­րա­հա­նո­ւած է հե­ռուս­տա­ներ­կա­յա­ցում­նե­րու մէջ, ի դէպ` ե­ղած է ա­ռա­ջին հե­ռուս­տա­ներ­կա­յաց­ման դե­րա­սա­նու­հի­նե­րէն:

1985ին հրա­ւի­րո­ւած է Սու­րիոյ Հա­լէպ քա­ղա­քի «Ա­դա­մեան» թատ­րոն, ուր ար­ժա­նա­ցած է ոս­կէ մե­տա­լի: Ս­տա­ցած է բազ­մա­թիւ պե­տա­կան բարձ­րա­գոյն պա­տո­ւոգ­րեր, մրցա­նակ­ներ, շնոր­հա­կա­լագ­րեր: