Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի քա­ռօ­րեայ նիս­տին ըն­թաց­քին, 2016ի պե­տա­կան պիւտ­ճէի նա­խա­գի­ծին մա­սին ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր Ար­ծո­ւիկ Մի­նա­սեան:

Մի­նա­սեա­նի խօս­քով` պիւտ­ճէն ըն­դա­մէ­նը ար­տա­ցո­լա­ցումն է երկ­րին մէջ ստեղ­ծո­ւած ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան վի­ճա­կին, զոր պատ­գա­մա­ւո­րը ո­րա­կեց «խայ­տա­ռակ վի­ճակ»:

Ըստ Ար­ծո­ւիկ Մի­նա­սեա­նի, այս վի­ճա­կը նաեւ կը յստա­կաց­նէ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, եւ ե­թէ ան­կեղծ ու ան­մի­ջա­կան քննար­կու­մի ա­ռա­ջարկ­ներ չդառ­նան ա­նոնք, ել­քեր կա­րե­լի չէ գտնել:

Պիւտ­ճէին նա­խա­գի­ծը ցոյց կու տայ, որ երկ­րին տնտե­սա­կան վի­ճա­կը կա­յուն է, եւ որ երկ­րին մէջ գնա­ճի զսպման ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­կարգ չի գոր­ծեր, տնտե­սա­կան շու­կա­նե­րը կա­յա­ցած չեն, որ ստո­ւե­րա­յին տնտե­սու­թիւ­նը եւ կա­շա­ռա­կե­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կեն քան­դել երկ­րին տնտե­սա­կան վի­ճա­կը: Եւ այդ ա­մէ­նը կ­՛ար­տա­յայ­տո­ւի գոր­ծազր­կու­թեան, աղ­քա­տու­թեան, ար­տա­գաղ­թի ցու­ցա­նիշ­նե­րուն մէջ: «­Պէտք է ել­քեր գտնել, մէկ լե­զո­ւով քննար­կում կազ­մա­կեր­պել, ինչ որ ցա­ւօք չի գոր­ծադ­րո­ւիր:

«­Կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­նե­րը կը գո­վա­բա­նեն ձեռ­նար­կո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, բայց երբ ար­դիւն­քի պա­հը կու գայ, կը տես­նենք, որ դրա­կան բա­ներ չու­նինք: Կը խօ­սո­ւի ներդ­րում­նե­րու հա­յե­ցա­կար­գի մա­սին, բայց չի խօ­սո­ւիր, այն մա­սին, թէ այդ փաս­տա­թուղ­թի կեան­քի կոչ­ման հա­մար ինչ­պի­սի խո­չըն­դոտ­ներ կան»,- ը­սաւ Արծուիկ Մի­նա­սեան` ա­ւելց­նե­լով, որ կա­րո­ղա­կան ներդրող­նե­րը պէտք է գոր­ծու­նէու­թիւն տես­նեն, ո՛չ փաս­տա­թուղթ:

«Ե­թէ մենք ի­րա­րու հետ չստեղ­ծենք բազ­մա­կեդ­րոն մրցու­նակ պե­տու­թիւն ստեղ­ծե­լու հա­յե­ցա­կարգ, մենք դա­տա­պար­տո­ւած ենք այս ձե­ւով խօ­սե­լու: Եր­բեք ար­կա­ծախնդ­րա­կան տնտե­սա­կան ա­ռա­ջարկ­նե­րուն ըն­թացք մի՛ տաք պար­զա­պէս ձեզ սի­րա­շա­հե­լու կամ չքննա­դա­տո­ւե­լու մտա­հո­գու­թեամբ»,- կա­ռա­վա­րու­թեան դի­մե­լով ը­սաւ Արծո­ւիկ Մի­նա­սեան: